image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգը կրնայ 10 միլիառ եուրոյով գնել «Պարսելոնա»ն

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգը կրնայ 10 միլիառ եուրոյով գնել «Պարսելոնա»ն

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սըլմանը կը պատրաստուի 10 միլիառ եուրօ առաջարկել սպանական «Պարսելոնա» ֆութպոլային ակումբի համար: Այս մասին ընկերային ցանցերու միջոցաւ յայտնած է El Chiringuito-ի լրագրող Ֆրանսուա Կալիարտոն։

Լրագրողը նշած է, որ «Պարսելոնա»ի վաճառքին կրնան խոչընդոտել ակումբի այն անդամները, որոնք կը մասնակցին նախագահական ընտրութիւններուն:

Աւելի վաղ Ժոան Լափորթան յայտնած էր, որ պիտի չվերընտրուի «Պարսելոնա»ի նախագահի պաշտօնին:

Լափորթայի ներկայիս ժամկէտը պիտի լրանայ 2027 թուականին։

63-ամեայ Լափորթան «Պարսելոնա»ի նախագահն է 2021 թուականէն։

Նախապէս ան այս պաշտօնը զբաղցուցած է 2003-էն 2010 թուականներուն։