image

Առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան մետալ կը ստանայ Քարաթէ մարզախաղին մէջ 

Առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան մետալ կը ստանայ Քարաթէ մարզախաղին մէջ 

Գոռ Ներսիսեանը դարձած է Քարաթէի Եւրոպայի մեծահասակներու 60-րդ առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր։

Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Քարաթէի Ազգային Ֆետերացիայէն։ 

Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացող քարաթէի Եւրոպայի առաջնութեան տղամարդոց մինչեւ 84 քկ քաշային կարգի պրոնզէ մետալի համար պայքարին Գոռ Ներսիսեանը մրցած է Սլովաքիան ներկայացնող Սիմոն Սեքերի հետ ու առաւելութեան հասած 5:2 հաշուով:

Գոռ Ներսիսեանը տղամարդոց կումիտէի -84 քկ քաշային կարգին մէջ նուաճած է Հայաստանի առաջին եւրոպական մետալը։