image

Քննարկուած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները

Քննարկուած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մէջ հանդիպած է ՀՀ-Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի եգիպտական կողմի նախագահ, Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ծրագրաւորման, տնտեսական զարգացման եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ռանիա Մաշաթի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսական մթերքներու վերամշակման, վերականգնուող ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ: 

Նախարարը ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը եւ հրաւիրած Ռանիա Մաշաթին մասնակցելու «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ներդրումային գագաթնաժողովին, որ նախատեսուած է կայացնել 2026 թուականի գարնան:

Քննարկուած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր։