Շաբաթ 24 ապրիլին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ինչպէս նաեւ բարեխօսական կարգ պիտի մատուցուի ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-էն։
Մեր տեղեկութիւններով Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցուի Լոս Անճելոսի Հայոց երեք յարանուանութիւններու առաջնորդներուն կողմէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Պատարագը պիտի կայացուի Սրբոց Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագը պիտի մատուցուի եւ օրուան քարոզը պիտի տրուի Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդներ՝ Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեան, եւ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ։
Նշենք նաեւ, որ օրուան հոգեպարար արարողութեան աղօթասացութեամբ հանդէս պիտի գան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերպ. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Պերճ Ճամպազեան։