image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստան յատուկ բանագնաց պիտի ուղարկէ Մերձաւոր Արեւելք՝ միջնորդութեան նպատակով. Չինաստանի ԱԳ նախարար

Չինաստան յատուկ բանագնաց պիտի ուղարկէ Մերձաւոր Արեւելք՝ միջնորդութեան նպատակով. Չինաստանի ԱԳ նախարար

Չինաստանը յատուկ բանագնաց պիտի ղրկէ Մերձաւոր Արեւելք՝ միջնորդական առաքելութեամբ։ Այս մասին չորեքշաբթի օր Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իր գործընկերներուն յայտնած է արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին՝ համաձայն նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւններուն, քանի որ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւնը կը շարունակէ սրիլ, կը հաղորդէ Reuters-ը։

 

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդմամբ՝ Սէուտական Արաբիոյ նախարարին հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Ուանկ Եին նշած է, որ Փեքին բարձր կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ զսպուածութիւնը եւ տարաձայնութիւնները խաղաղ ճանապարհով լուծելու հաստատակամութիւնը։

 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին հետ առանձին հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Ուանկ Եին ընդգծած է, որ հակամարտութիւններու ժամանակ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան «կարմիր գիծը» պէտք չէ հատուի, եւ ոչ ռազմական թիրախները, ներառեալ՝ ուժանիւթային ենթակառուցուածքները, պէտք չէ ենթարկուին յարձակման։ Ան նաեւ կոչ ըրած է ապահովելու նաւարկութեան ուղիներու անվտանգութիւնը։