image
Հրատապ լուրեր:

Օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնները կը փորձեն ընտրութիւններէն առաջ ճնշում գործադրել ՀՀ գործարար շրջանակներու վրայ (Հաղորդագրութիւն)

Օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնները կը փորձեն ընտրութիւններէն առաջ ճնշում գործադրել ՀՀ գործարար շրջանակներու վրայ (Հաղորդագրութիւն)

Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը յայտարարութիւն տարածած է այլ երկրի մէջ ՀՀ քաղաքացներու նկատմամբ գործադրուող ճնշումներու եւ սպասուող ընտրական գործընթացներուն միջամտութեան վերաբերեալ։

Այս մասին յայտնած է «Արմէնփրէս»-ը։

«Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը հետախուզական տեղեկութիւններ է ստանում, որ այլ երկրում տուեալ երկրի յատուկ ծառայութիւնների անունից հանդէս գալով, տարբեր դերակատարներ փորձում են ճնշում գործադրել հայազգի եւ ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող ու տուեալ երկրում տնտեսական գործունէութեամբ զբաղող անձանց նկատմամբ՝ վերջիններիս մղելով Հայաստանում սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններին մասնակցութեան յայտ ներկայացրած քաղաքական որոշ ուժերին աջակցելու գործողութիւններ իրականացնելուն, որոնք ներառում, սակայն չեն սահմանափակւում տուեալ քաղաքական ուժերին նշուած գործարարների կողմից ֆինանսական եւ կազմակերպական բնոյթի աջակցութեան գործողութիւններով»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Մարտ 5-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած էր, որ խօսակցութիւններ կը շրջանառուին, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ Ռուսիայէն մարդիկ պիտի բերեն, որ Քաղաքացիական պայմանագրի դէմ քուէարկեն։

«Նոյնիսկ կոչեր կը հնչեն, որ օրէնսդրական փոփոխութիւններ արուեն։ Դա այլ թեմայ է, բայց ես համոզուած եմ, որ եթէ այդ խողովակով մարդիկ գալու են՝ այդ մարդկանց ճնշող մեծամասնութիւնը քուէարկելու է Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օգտին, որովհետեւ նրանք չեն կարող քուէարկել իրենց արտագաղթի օգտին, նրանք կարող են քուէարկել իրենց ներգաղթը ապահովելու օգտին, մի երեւոյթ, որը 2025-ին արդէն սկսուել է»,-ըսած էր վարչապետը: