image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած «Երեւան» համոյթի անդամներ յատուկ թռիչքով Հայաստան ժամանեցին

Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած «Երեւան» համոյթի անդամներ յատուկ թռիչքով Հայաստան ժամանեցին

Կարեւոր քայլով մը Պէյրութի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ անձմաբ դեսպան Սարմէն Բաղդասարեանի ճիգերով «Երեւան» համոյթի անդամները յատուկ թռիչքով Պէյրութէն վերադարձան Երեւան։

Ստորեւ այդ մասին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝

Տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ, լիբանանեան կողմին հետ կատարուած խորհրդակցութիւններու արդիւնքով որոշում առնուած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւան» երիտասարդական նուագախումբ-համոյթին (ուղեկիցներով՝ 87 անձ) ժամանակէն շուտ Հայաստան վերադարձին մասին։

«Middle East Airlines» աւիաընկերութեան հետ դեսպանութեան վարած բանակցութիւններու արդիւնքով, ընկերութիւնը ընդառաջելով ներկայացուած դիմումին, համաձայնած է կազմակերպել յաւելեալ, յատուկ այդ նպատակին համար չուերթ մը։ Մշտական կապ պահպանուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին հետ։

Դեսպանութեան կողմէ գործարկուած թեժ գիծին միջոցաւ, Լիբանանէն այդ պահուն մեկնելու ցանկութիւն ունեցող քաղաքացիները ուղղորդուած են ցուցակագրուելու նշեալ չուերթին՝ Հայաստան մեկնելու նպատակով։

Դեսպան Սարմէն Բադասարեանն ու դեսպանութեան դիւանագէտները իրականացուցած են համոյթին տեղափոխումն ու ուղեկցումը դէպի օդակայան՝ ռմբահարուող տարածքներէն անցնելով։

Թռիչքը Ժամեր առաջ բարեյաջող վայրէջք կատարած է Երեւանի մէջ։