image

Ալիեւ Փութինէն ներողութիւն խնդրած է

Ալիեւ Փութինէն ներողութիւն խնդրած է

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուլթինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներողութիւն խնդրած է եւ խոր ցաւակցութիւն յայտնած է 20 սեպտեմբերին Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու մահուան կապակցութեամբ։

Այս մասին յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։

Փութին եւ Ալիեւ նշած են Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը։

«Երկու կողմերը նշած են Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման վերաբերեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աջակցութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը»,-ըսուած է Քրեմլի յայտարարութեան մէջ։

Նշուած է, որ «այս ծիրէն ներս մեծ նշանակութիւն կը տրուի Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու միջեւ խաղաղապահներու միջնորդութեամբ սկսած բանակցութիւններուն»։

Ղեկավարները պայմանաւորուած են նաեւ աշխուժացնել Հայաստանի մասնակցութեամբ եռակողմ բանակցային գործընթացը, այդ շարքին՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման շուրջ։

Ալիեւ հաստատած է, որ Պաքուն պատրաստ է համագործակցելու ռուս խաղաղապահներու հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապամագլցումի համար։