image

Ֆրանչիսկոս Պապ մերժած է Ֆրանսայի նախագահի Փարիզի մէջ պատարագելու առաջարկ-հրաւէրը

 Ֆրանչիսկոս Պապ մերժած է  Ֆրանսայի նախագահի Փարիզի մէջ պատարագելու  առաջարկ-հրաւէրը

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը մերժած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Փարիզ մեկնելու եւ Աստուածամօր տաճարի (Նոթր Տամ) վերաբացման կապակցութեամբ պատարագ մատուցելու հրաւէրը:

«Ես չեմ երթար Փարիզ», - հակիրճ ըսած է Քահանայապետը լրագրողներու հարցադրման ի պատասխան:

Ըստ Le Figaro-ի՝ սա կը վկայէ Ֆրանսայի նկատմամբ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի «պաղ վերաբերմունքի» մասին:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ տարիներ առաջ Մարսէյլ գալու ժամանակ կաթոլիկներու հովուապետը պնդած էր, որ «կ՚երթայ Մարսէյլ, այլ ոչ թէ Ֆրանսա»։ Նոյնը ան ըսած էր 2014 թուականին Սթրասպուրկի մէջ Եւրոխորհրդարան կատարած այցի ժամանակ։

Նշենք, որ դեկտեմբեր 8-ին տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերաբացման արարողութիւնը: Տաճարը փակուած էր հինգ տարի առաջ՝ խոշոր հրդեհի պատճառով: