image

Լոս Անճելըսի մէջ. հոգեհանգստեան կարգ ի յիշատակ Արցախեան հերոս՝ Գէորգ Հաճեանի

Լոս Անճելըսի մէջ. հոգեհանգստեան կարգ ի յիշատակ Արցախեան հերոս՝ Գէորգ Հաճեանի

Կիրակի՝ 6 Հոկտեմբերին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ, հանգուցեալ Գէորգ Հաճեանի նահատակուելուն 4-րդ տարելիցին առիթով։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ մեր պաշտօնակից՝ «Ասպարէզ»էն։

Յիշեցնենք, որ Գէորգ Հաճեանի 2020 թուականի աշնան մասնակցած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող հայ-ատրպէյճանական պատերազմին։ ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի եւ նոյն վաշտի ազատամարտիկ Քրիստափոր Արթինի հետ անոնք հերոսաբար նահատակուեցան Հոկտեմբեր 6-ին՝ Արցախի մէջ, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան ունեցող՝ հիւսիսային «Վարանգաթաղ» (Լուլասազ) բարձունքի մը ազատագրութեան համար մղուած ծանր մարտին մէջ՝ ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամիին:

Ստորեւ այդ մասին «Ասպարէզ»ի հրապարակումը՝

ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ

Հանգուցեալ Գէորգ Հաճեանի՝ Արցախեան Գոյամարտի 44օրեայ պատերազմի նահատակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի սանին եւ մշակութային գործիչին նահատակուելուն 4րդ տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., յաւարտ Ս. պատարագի։

Սգակիրներ՝


Այրին՝ Ֆրիտա Հաճեան
Զաւակը՝ Թաթուլ Հաճեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները: