image

ՀԱՊԿ-ի համար Հայաստանը իրաւահաւասար գործընկեր է

ՀԱՊԿ-ի համար Հայաստանը իրաւահաւասար գործընկեր է

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) կը շարունակէ Հայաստանը դիտարկել որպէս իրաւահաւասար գործընկեր եւ պատրաստ է երկխօսութեան բոլոր հարցերու շուրջ. այս մասին ըսած է ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովը:

Նշենք, որ այսօր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայկական երկրորդ համաշխարհային գագաթնաժողովին ըսած է, որ «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնում (ՀԱՊԿ) մեր անդամակցութիւնը սառեցրել ենք ոչ միայն այն պատճառով, որ ՀԱՊԿ-ը չի ապահովում Հայաստանի նկատմամբ իր ունեցած անվտանգային պարտաւորութիւնները, այլ այն պատճառով, որ ՀԱՊԿ-ը ստեղծում է սպառնալիքներ ՀՀ անվտանգութեան, հետագայ գոյութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան համար»։

Ան նշած է, որ շատ կը քննարկուի այն հարցը՝ արդեօք Հայաստանը պիտի փորձէ կամ կը մտածէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) վերադառնալու մասին:

«Լիարժէք կը վերականգնենք ՀԱՊԿ-ում մեր գործունէութիւնը միայն այն պարագայում, երբ մեր բարձրացրած հարցերին հնչեն կոնկրետ պատասխաններ։ Մեր շեշտադրումներից անցել է երկու տարի, պատասխաններ ոչ միայն չեն հնչել, այլ արդէն ակնյայտ է, որ չեն հնչելու: Ինչքան այդ պատասխանները չեն հնչում, ամէն րոպէի ու վայրկեանի հետ ՀՀ-ն աւելի է հեռանում ՀԱՊԿ-ից: Եթէ մենք դեռ չենք անցել անդառնալիութեան կէտը, մեծ է հաւանականութիւնը, որ այս իրավիճակի շարունակուելու դէպքում, մենք կ՚անցնենք անդառնալիութեան կէտը, եւ որեւէ մէկը մեզ մեղադրելու լեգիտիմ առիթ ու պատճառ չի ունենայ»,-ընդգծած է Փաշինեան: