Ռուսական ցանցահէնային (հաքըր) խումբերէն մէկը յայտարարած է, թէ կրցած է սողոսկել Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմ՝ FTP-ի նիշքերու փոխանցման հաղորդակարգի միջոցով, գրած է «Ազատութիւնը»։
«Մեր տրամադրութեան տակ է տուեալներու պազան», -յայտարարած են ցանցահէնները (հաքըրները), սպառնալով՝ եթէ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին կառավարութիւնը 2,5 միլիոն տոլար չփոխանցէ, տուեալները պիտի ոչնչացուին։
ՀՀ կառավարութենէն առայժմ չեն արձագանգած։