Ըստ ներկայացուող պատմութեան՝ Օսման Բ. սուլթանը հաւնելով երիտասարդ հայ արհեստաւորին աշխատանքը՝ անոր ո՛չ միայն արտօնութիւն կու տայ պատրաստել գործիքներ օսմանեան արքունիքին համար, այլ նաեւ Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը: Աւետիսը դրամական եւ այլ պարգեւներու արժանանալով՝ իր պատրաստած գործիքները կը տրամադրէ ամենօրեայ աղօթքի կանչերու, կրօնական խնջոյքներու, թագաւորական հարսանիքներու եւ օսմանեան բանակի համար: Ընտանիքը խանութ կը բանայ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, իրենց դարբնոցին մէջ կը շինեն ծնծղաները, կը համագործակցին յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու եւ սուլթանի կանանոցին հետ:
Անցեալ տարի՝ 2023 թուականին ծնծղաներ արտադրող աշխարհահռչակ «Զիլճեան» ընկերութիւնը մեկնարկած է իր հիմնադրման 400-ամեակի միջոցառումները:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ 15-16-րդ դարուն սկիզբ առած հայ ընտանիքի մը ընտանեկան գործը զարգացած, մեծցած եւ այսօր դարձած է ծնծղաներ եւ երաժշտական հարուածային իրեր արտադրող ամենամեծ ընկերութիւններէն մին, որ կը գործէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Աշխարհահռչակ «Զիլճեան» ընկերութիւնը չորսդարեայ յոբելեանին առթիւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ երաժշտական գործիքներ նուիրած է Հայաստանին: Նախաձեռնութիւնը Երեւանի մէջ անցեալ տարի հիմնուած հայկական երաժշտական արուեստագիտական «ԱԱԱ Օտիօ» ընկերութեան կը պատկանի: Այս ընկերութեան համահիմնադիրներէն մէկը նշանաւոր հայ երաժիշտ Սերժ Թանքեանն է: Ընկերութեան համահիմնադիր Գէորգ Մնացականեան պատմական այս նուիրատուութեան առթիւ կը նշէ, որ «Զիլճեան» ընկերութեան հետ առաջին անգամ կապ հաստատած են տակաւին 2022 թուականին: «ԱԱԱ Օտիօ» ընկերութիւնը նպատակ ունի բացայայտելու Հայաստանի երաժշտական ներուժը եւ զայն ներկայացնելու միջազգային մակարդակի վրայ: Ինք՝ ընկերութիւնը նոյնպէս երաժշտական գործիքներ կ՚արտադրէ, առհասարակ մասնագիտացած է երաժշտութեան արտադրութեան համար նախատեսուած արհեստավարժ ծրագիրներու՝ սթուտիօ սարքաւորումներու, ինչպէս նաեւ՝ շարժապատկերներու, հեռատեսիլի եւ տեսախաղերու համար ստեղծագործող երաժշտահաններու համար հեռահար ձայնագրման ծառայութիւններու մատուցման ասպարէզին մէջ: Եւ այս առաքելութիւնը կեանքի կոչելու, բարձր մակարդակով իրականացնելու համար ընկերութիւնը ուսումնասիրելու սկսած է հայկական պետական նուագախումբերու գործածած երաժշտական գործիքները եւ տեսած՝ որ որոշ պարագաներու անոնք չեն համապատասխանիր արհեստավարժ երաժշտահաններու կողմէ ակնկալուող կատարման որակին: «Զիլճեան» ընկերութեան նուիրատուութիւնը այս որակը բարձրացնելու նպատակ ունի:
Նուիրատուութիւնը հնարաւոր դարձած է Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահ Էնթընի Ճ. Պարսամեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ:
«Զիլճեան» ընկերութեան նուիրատուութիւնը կը ներառէ «Զիլճեան» մակնանշումով աւելի քան քսան ծնծղաներ, ինչպէս նաեւ՝ տասնեակ հարուածային փայտիկներ, երաժշտական մուրճեր եւ այլ սարքաւորումներ՝ ինչպէս «Զիլճեան», այնպէս ալ՝ «Վիք Ֆըրթ» եւ «Պալթըր» ընկերութիւններէն, որոնք արդէն կը պատկանին «Զիլճեան» ընկերութեան: «Զիլճեան»ը այս երկու ընկերութիւնները գնած է համապատասխանաբար 2010 եւ 2018 թուականներուն եւ կը ջանայ պահպանել նաեւ հնագոյն այդ ընկերութիւններու աւանդութիւնները միատեղ:
Երաժշտական գործիքներն ու սարքաւորումները նախատեսուած են «Կոմիտաս» երաժշտանոցին, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին, Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբին եւ Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբին համար։
Երաժշտական այս խումբերու ներկայացուցիչներն ալ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ստացան իրենց նուէրները: Արարողութեան ընթացքին տեսակապով միացաւ «Զիլճեան» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Քրէյքի Զիլճեան, որ 400-ամեայ ընկերութեան պատմութեան մէջ առաջին կին տնօրէնն է՝ հաւատարիմ իր ընտանիքի՝ Զիլճեաններու աւանդոյթներուն: Ան տեսակապի միջոցով մասնաւորապէս ըսաւ հետեւալը.
«Նշելով «Զիլճեան» ընկերութեան 400-ամեակը, մեր ընտանիքը կը փափաքի յարգանքի տուրք մատուցել իմ մեծ հօրս հայկական ժառանգութեան: Նուիրելով ծնծղաներ Հայաստանի յայտնի երաժշտանոցին եւ նուագախումբերուն՝ մենք կ՚ընենք այն, ինչ որ, անշուշտ, մեր մեծ հայրն ալ կը փափաքէր ընել: Ես համոզուած եմ, որ հայկական երաժշտական համայնքը կը գնահատէ այս նուիրատուութիւնը՝ հայկական անուն կրող ծնծղաները, որոնք այժմ կ՚արտադրուին ԱՄՆ-ի մէջ»:
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գործադիր տնօրէն Նորայր Նազարեան խորհրդանշական նկատեց «Զիլճեան»ի նուէրը, քանի որ զայն համընկած է Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-ամեակին, որ կը լրանայ յառաջիկայ տարի եւ զայն նշելու համար արդէն սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները: Երաժշտական նոր գործիքները նոր շունչ պիտի հաղորդեն 100-ամեայ նուագախումբին, որու ստեղծումը մէկ դար առաջ երազ կը թուէր, սակայն զայն իրականացուած է շնորհիւ նուիրեալ երաժշտագէտ Արշակ Ադամեանի: Այսօր Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը նաեւ Հայաստանի իւրայատուկ դեսպանն է եւ յաճախ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ զանազան երկիրներու մէջ՝ ներկայացնելով ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:
Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի ղեկավարութիւնը նոյնպէս ոգեւորուած էր ստացած նուէրներէն եւ յայտարարեց, որ նոյն օրն իսկ կը սկսին գործածել զանոնք:
Նուէրները անգնահատելի են մանաւանդ «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցին համար. ուսանողներն ու դասախօսները այսուհետեւ կը գործածեն աշխարհահռչակ երաժշտական ընկերութեան արտադրանքը, ինչ որ ոգեւորութիւն կը հաղորդէ անոնց գործին եւ միաժամանակ՝ պատասխանատուութիւն կը ներշնչէ:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
«Զիլճեան»ը յայտնի է իբրեւ ծնծղաներ արտադրող ամենահին ընկերութիւնը աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի ամենահին ընտանեկան ձեռնարկատիրութիւնը:
Ընկերութեան ոդիսականը կը սկսի 1618 թուականին՝ Օսմանեան կայսրութենէն:
Ոսկեխոյզ Աւետիս Զիլճեան (Աւետիս Ա.) քիմիական փորձեր կատարելով՝ կը ջանար ոսկի մէջտեղ բերել, սակայն ի վերջոյ պղինձի, արծաթի եւ անագի խառնուրդէն ան կը ստանայ նիւթ մը, որ բարձր եւ յստակ հնչողութիւն ունէր: Այդ համաձուլուածքէն ան կը պատրաստէ ծնծղաներ՝ առանց մտածելու, թէ երաժշտական աշխարհին մէջ յեղաշրջումի մը սկիզբ կը դնէ:
Ըստ ներկայացուող պատմութեան՝ Օսման Բ. սուլթանը հաւնելով երիտասարդ հայ արհեստաւորին աշխատանքը՝ անոր ո՛չ միայն արտօնութիւն կու տայ պատրաստել գործիքներ օսմանեան արքունիքին համար, այլ նաեւ Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը: Աւետիսը դրամական եւ այլ պարգեւներու արժանանալով՝ իր պատրաստած գործիքները կը տրամադրէ ամենօրեայ աղօթքի կանչերու, կրօնական խնջոյքներու, թագաւորական հարսանիքներու եւ օսմանեան բանակի համար: Ընտանիքը խանութ կը բանայ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, իրենց դարբնոցին մէջ կը շինեն ծնծղաները, կը համագործակցին յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու եւ սուլթանի կանանոցին հետ:
Ծնծղաներու այս հայկական պատմութիւնը այլ աղբիւրի մը մէջ ուրիշ տարբերակ մըն ալ ունի. մէկ այլ վարկածի համաձայն, Աւետիսը մետաղի վերամշակմամբ զբաղող Քերոբի որդին էր, որուն օսմանեան սուլթանը յանձնարարած էր իր ենիչերիներու ընտրեալ զօրքի համար ստեղծել որակեալ ծնծղաներ, որոնք պատերազմներու ժամանակ կ ՚օգնէին մարտական ոգին բարձրացնել, ինչպէս նաեւ վախցնել հակառակորդը:
Այդ յանձնարարութեան շնորհիւ Աւետիս կը պատրաստէ իւրայատուկ ծնծղաներ, որոնք անսովոր հնչուն ձայն կ՚ունենան: Սուլթանը, որ կը հաւնի գործը, Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը: Ծնծղաները յետոյ կը սկսին գործածուիլ նաեւ այլ արարողութիւններու ժամանակ, զայն լաւագոյն կերպով պատրաստող ընտանիքը ինք կը սկսի արտադրել զանոնք եւ վաճառել: Եթէ ժամանակին ծնծղաները միայն սահմանափակ նպատակով կը գործածուէին, այսօր երաժշտական նուագախումբերը անհնար է պատկերացնել առանց այդ գործիքներու:
«Զիլճեան» ապրանքանիշի առաջին ծնծղաները 1851 թուականին յատուկ նաւով մը կը տեղափոխուին Լոնտոն՝ ցուցադրուելու համար համաշխարհային տօնավաճառի մէջ:
ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ՝ ԱՄՆ
20-րդ դարու սկիզբը ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը ղեկավարէր Արամ Զիլճեան: Ան անզաւակ էր, Միացեալ Նահանգներ բնակող իր զարմիկին՝ Աւետիսին կ՚առաջարկէ ղեկավարել ընկերութիւնը:
Պահպանուած է այդ նամակը, որուն մէջ Արամ Զիլճեան կը գրէ.
Սեպտեմբեր 18, 1927
Սիրելի Աւետիս,
Ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ կը գրեմ այս նամակս: Կը ցաւիմ, որ այս տարիքիս եւ վիճակիս պատճառաւ, ինծի անկարելի կ՚լլայ 300 տարուան հռչակաւոր զիլերը շինել:
Հիմակ դուն կ՚ըլլաս այս Զիլճեան ընտանիքին այր անդամը։ Եւ կ՚ըլլայ քու պարտականութիւնը շարունակել շէնքը այս նշանաւոր զիլերը, որ երեք դարուան Զիլճեան ընտանիքին հպարտութիւն էր:
Մնամ սիրով՝
Արամ
Աւետիսը, որ ԱՄՆ տեղափոխուած էր տակաւին անցեալ դարասկիզբին՝ կը համաձայնի՝ տեսնելով երկրին մէջ այդ երաժշտական գործիքին հանդէպ աճող հետաքրքրութիւնը:
«Զիլճեան»ի ծնծղաները Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուելու կը սկսին 1929 թուականն:
Աւետիս Գ. Մասաչուսեցի Քուինզի քաղաքին մէջ կը հիմնէ ծնծղաներու կոփման գործարան մը:
Որոշ ժամանակ անց ան կ՚որոշէ արտադրութիւնը տեղափոխել նոյն նահանգի Նորուէլ քաղաքը: Այդ տեղափոխումը համընկած է վաճառատան հիմնադրման 350-ամեակին, այդ տարուընէ ի վեր արտադրութեան վայրը չէ փոխուած: Սկզբնական շրջանին ընկերութեան ղեկավարը ինք անձամբ կ՚այցելէ խոշոր երաժշտական խանութներ ու պատուէրներ կ՚ընդունէ: Ամերիկայի մէջ սկսած էր ճազի լայնօրէն տարածումը, ինչ որ նոյնպէս կը նպաստէ արտադրութեան վերելքին, իր կարգին վերելք կ՚ապրի «Զիլճեան» անունը: Աւետիս Զիլճեանին հետ կը գործակցէին նշանաւոր ճազմէններ, ծնծղահարներ:
Այսօր Նորուէլէն զատ «Զիլճեան» ընկերութիւնը գրասենեակներ ունի նաեւ Լոս Անճելըսի, Լոնտոնի, Սինկափուրի մէջ:
Ընկերութիւնը ժառանգաբար միշտ ղեկավարած են Զիլճեանները: 1977 թուականին ապրանքանիշի վարման ղեկավարութիւնը անցած է Աւետիս Գ.-ի որդիին՝ Արմանին:
Արման Զիլճեանի անունը յատուկ տեղ ունի Զիլճեաններու ընտանեկան պատմութեան մէջ. ան յատուկ սէր ունէր երաժշտութեան հանդէպ, 14 տարեկանէն մտած է ընտանեկան գործին մէջ եւ իր նուիրուածութեամբ ապացուցած՝ որ հաւատարիմ է գործին:
Ան նաեւ երաժշտական գործիքներ կը նուագէր, կը տարածէր երաժշտութիւն, ինչ որ կը նպաստէր գործի բարելաւումին: Կայ այնպիսի պատմութիւն մը, որ ճազային նշանաւոր երաժիշտ մը իրենց քաղաք գալու առթիւ Արման Զիլճեան կը գնէ տոմսեր, հանրակառք կը վարձէ եւ ընկերութեան աշխատակիցները կը տանի համերգին: Այդ քայլով ան կը ջանար ընկերութեան աշխատակիցներուն, մանաւանդ՝ կոփարանին մէջ աշխատողներուն ցոյց տալ, թէ որքան կարեւոր եւ պատասխանատու է իրենց գործը եւ ինչի կը ծառայէ իրենց «տանջանքը»:
1999 թուականին ղեկավարութիւնը ստանձնած է Արմանի դուստրը՝ Քրէյքը: Քրոջ՝ Տեպիի հետ անոնք կը շարունակեն պատմական գործը՝ չմոռնալով ընտանիքի յաջողութիւնները, որոնք չորս դար զարմացուցած են երաժշտական եւ ձեռնարկատիրական աշխարհը: Ընկերութիւնը այսօր ալ արտադրութեան ժամանակ կը գործածէ նոյն գաղտնի մետաղախառնուրդը, որ 400 տարի առաջ ստացած էր ընտանիքի աւագը՝ Աւետիս Զիլճեան: Անոր փորձարարութեան եւ յօրինումի ոգին ոչ մէկ օր լքած են ընկերութեան ղեկավարները, որոնք նոյն եռանդը կը փոխանցեն գործարանի աշխատողներուն: Այդ գործարանէն ներս է, որ կը ստեղծուին ամենաբարձր որակի ծնծղաները, որոնք հազարաւոր երաժիշտներու հնարաւորութիւն տուած են բացայայտելու իրենց տաղանդը եւ աշխարհին մէջ տարածելու սեփական ձայնը: «Նիւ Եորք Թայմզ»ը «Զիլճեան» ընկերութեան արտադրած ծնծղաներուն մասին գրած է.
«Այսօր իւրաքանչիւր գործիք կը շարունակէ անցնիլ բարձր որակաւորում ունեցող տասնեակ մը աշխատակիցներու ձեռքերէն, որոնք կը ստուգեն, որ «թուղթի բարակութիւն» ունեցող ծնծղաները ունենան անհրաժեշտ երաժշտական ձայնածաւալը»… Գործիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ եւ անկրկնելի ձայն»:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն «Զիլճեան» ընկերութիւնը զինուորական նուագախումբերուն ծնծղաներ մատակարարելու պատուէրներ ստացած է, ինչ որ նոյնպէս ընկերութեան յաջողութեան նպաստած է:
ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԻՋԵՒ ԽԶՈՒՄ
Ընտանեկան այս խոշոր ձեռնարկատիրութիւնը, հակառակ յաջողութեան պատմութիւններուն՝ ունեցածէ նաեւ խզումներ։
Յայտնի է, որ Աւետիս Զիլճեան չհետեւելով ընտանեկան «ոսկէ» կանոնին՝ ծնծղաներու պատրաստման գաղտնիքը փոխանցած է միաժամանակ իր երկու որդիներուն՝ Արմանին եւ Ռոպերթին՝ չմտածելով, որ այդ մէկը կրնայ պառակտում յառաջացնել, ինչ որ իրապէս տեղի ունեցած է: Հօր մահէն յետոյ երկու եղբայրներու միջեւ բախում յառաջացած է: Բախումը լուծուած է այսպէս՝ Աւետիս Զիլճեանի՝ ԱՄՆ-ի ընկերութիւնը մնացած է Արմանի ղեկավարութեան տակ, իսկ Ռոպերթ Զիլճեանը Գանատայի մէջ հիմնած է նոյն ընկերութիւնը՝ կոչելով «Սապեան» (իր երեք երեխաներու անուններու սկզբնատառերով՝ Սալի, Անտի, Պիլի):
Ընտանեկան աւանդոյթներէն շեղուած է նաեւ Արման Զիլճեան, որ ծնծղաներու պատրաստման դարէ դար փոխանցուած գաղտնիքը իր որդիէն զատ հաղորդած է նաեւ երկու դուստրերուն՝ Տեպի եւ Քրէյքի Զիլճեաններուն. ընտանիքի կին ժառանգները այսօր փաստացի կը ղեկավարեն ընկերութիւնը՝ երբեք չզիջելով տղամարդ ղեկավարներուն:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս