image

Ականի պայթումէն զոհուած է բանակի 19-ամեայ զինծառայող Հայկ Խաչատրեանը

Ականի պայթումէն զոհուած է բանակի 19-ամեայ զինծառայող Հայկ Խաչատրեանը

Սեպտեմբեր 1-ին` ժամը 11:50-ի մօտ, Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի պայթումէն զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Հայկ Գագիկի Խաչատրեանը:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: