image

Ուքրանիոյ բանակի ներուժը պիտի սպառի Քուրսքի մէջ. Ռուս զօրավար

Ուքրանիոյ բանակի ներուժը պիտի սպառի Քուրսքի մէջ. Ռուս զօրավար

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաքաղաքական վարչութեան պետի տեղակալ, «Ախմաթ» յատուկ նշանակութեան ջոկատի հրամանատար, զօրավար-մայոր Ափթի Ալաուտինով ՌԻԱ Նովոսթիի հետ զրոյցին յայտնած է, որ ռուսական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Քուրսքի մարզին մէջ կը սպառեն Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու պաշարները։

«Այս պահուն ցանկացած հատուած, ուր կը յայտնուի հակառակորդի սարքը, մենք կ'այրենք, կ'ոչնչացնենք հակառակորդը եւ աստիճանաբար կը սպառենք անոր՝ մեր տարածք բերած պաշարները»,- յայտնած է Ալաուտինով։

Աւելի վաղ ան յայտնած էր, որ Մարտինաւ քան արդէն ազատագրած են ուքրանական զինուած ուժերէն, իսկ Քուրսքի մարզի Սուճայի շրջանի միւս բնակավայրերուն մէջ աշխատանքները կը շարունակուին։