image

Զօրացրուած զինծառայողներ տեղափոխող մեքենան վթարի ենթարկուած է. կայ երկու զոհ

Զօրացրուած զինծառայողներ տեղափոխող մեքենան վթարի ենթարկուած է. կայ երկու զոհ

Զօրացրուած զինծառայողներ տեղափոխող մեքենան Սիւնիքի մարզի մէջ վթարի ենթարկուած է, որու հետեւանքով կան զոհեր։

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։

«Ճանապարհատրանսպորտային պատահարը տեղի է ունեցել Սիւնիքի մազի Գորայքի հատուածում։ Կայ 2 զոհ՝ վարորդը եւ մէկ ուղեւոր: 3 հոգի էլ տեղափոխուել է հիւանդանոց»-,- մանրամասնած է Նարեկ Սարգսեանը։ 

Ան յայտնած է նաեւ, որ նախնական տեղեկութիւններով, մեքենան թաքսի եղած է։

Քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Գոռ Աբրահամեանը յայտնած է, որ բուժհաստատութիւններ տեղափոխուած է հինգ անձ։ Անոնցմէ երկուքի վիճակը ծանր է, երկուքինը՝ միջին ծանրութեան, մէկինը՝ բաւարար։