image

Ուքրանիոյ մէջ շուրջ 3,8 հազար բանտարկեալ ազատ արձակուած. Նպատակը բանակին մէջ ծառայեցնելն է. The Guardian

Ուքրանիոյ մէջ շուրջ 3,8 հազար բանտարկեալ ազատ արձակուած. Նպատակը բանակին մէջ ծառայեցնելն է.  The Guardian

Շուրջ 3,8 հազար ուքրանացի բանտարկյալներ վաղաժամկէտ ազատ արձակուած են Ուքրանիոյ մէջ հաւանութեան արժանացած զօրահաւաքի մասին օրէնքի շրջածիրէն ներս, որպէսզի լրացնեն Ուքրանիոյ զինուած ուժերու շարքերուն մէջ առկայ բացերը, գրած է Guardian թերթը:

Ինչպէս նշած է հրատարակութիւնը՝ վկայակոչելով Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը, Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն անդամակցելու հետաքրքրութիւն յայտնած են 5,9 հազար կալանաւորներ, սակայն անոնցմէ մի քանին մերժած են առողջական վիճակի պատճառով:

Աւելի վաղ բրիտանական Financial Times թերթը, վկայակոչելով Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարար Տենիս Մալեուսքան, յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յոյս ունին զինուած ուժերու շարքերուն մէջ ներգրաւել շուրջ 15 հազար դատապարտեալ: