Անցնող տարիներուն հայկական Հալէպը դարձաւ մեր առօրեային մէջ ապրող հիմնական «կարմիր կէտ»ը: Անով ապրեցանք, անոր մասին հարցուցինք, անով տառապեցանք, անոր մասին մտահոգուեցանք ու այդ դարաւոր քաղաքին լաւ լուրերը սպասեցինք: Սուրիական դաժան եւ արիւնալի պատերազմի սկիզբէն անցած են 5 տարիներ: Ու այս հինգ բաւական երկար տարիներուն ընթացքին փոխուեցաւ ամբողջ երկիրը: Միջազգային հարթակի վրայ կարծիք ձեւաւորող լրատուական աղբիւրներուն վերլուծմամբ Հալէպը դարձաւ նոր Սթալինկրատ: Քաղաք, որուն մէջ մահուան ուրուականը եւ խաղաղութեան ինքնասպան եղած աղաւնին իրար հետ կը խօսին:
Քաղաք, ուր կ'ըսուի, որ պիտի վճռուի Միջին Արեւելքի ընդհանուր ճակատագիրը եւ, ուր պիտի յստականայ այդ աւազանին շուրջ ապրող քրիստոնեաներուն ընդհանուր ապագան:
Այս բոլորին հետ համընթաց, տարբեր եղաւ հայութեան մօտեցումը հանդէպ Հալէպին: Ու անոր որդիներու թիւին նօսրացումին հետ մէկտեղ Հալէպը մնաց քարոզներու եւ աղօթքներու մշտական օրակարգ:
Նորէն մենք էինք, որ հակառակ մեր մարմինը տանջահար ընող ցաւին, շարունակեցինք երգել հին երգ մը, որուն յանկերգին մէջ «մայր գաղութ»ը ամէն գնով պահպանելու երանգ մը կար:
Ոչ միայն երանգ, այլ բռնի կեցութեան շեշտով եղած խօսք կամ պարտադրանք:
Մայր գաղութ: Չարչրկեցինք այս բառը եւ անոր առաջին տողերը շարեցինք, Հալէպի կիսաքանդ եղած բնակարաններուն, «վիրաւորուած» եկեղեցիներուն, դատարկուած դպրոցներուն եւ լքուած փողոցներու պատերուն:
Հալէպահայը կրծեց իր ամէնօրեայ սեւ հացը եւ դիմացաւ բոլոր հողմերուն:
Հալէպահայը մեզի համար դարձաւ ապրելու վառելանիւթ, ու այդ դրամագլուխին կառչելով մենք խօսեցանք սփիւռքի մէջ հայ մնալու հրամայականին մասին:
Ատենի մը, երբ մէկ կողմէ Նոր Գիւղի եւ Սիւլայմանիյէի թաղերուն մէջ յայտնի ու անյայտ փամփուշտներուն սուլոցը կ'երթեւեկէր, մենք մեր դժգոհ աչքերով կը ծխէինք Երեւանի մէջ պատրաստուած կլկլակին ծխախոտը: Ու շատ մտահոգ հայացք ընդունելով, կը ցաւէինք, որ այսօր ալ Հալէպի մէջ հայ մը եւս մահացած է, ու անոր հարազատները ստիպուած եղած են մեռելը թաղել նոր տրամադրուած հողակտորի մը մէջ, որովհետեւ անհնար է կտրել վտանգի ճանապարհը եւ հասնիլ Հալէպի «Ազգային գերեզմանոց»:
Այս բոլորը եղան ու այս բոլորով մէկտեղ մենք ամէն օր քիչ մը աւելի սպաննեցինք հաւաքական կամքով ապրելու հին երազը:
Իրօք, ի՞նչ էր մեր ուզածը եւ ի՞նչ կը սպասէինք ապրեցնելու համար Հալէպը հաւաքապէս փրկելու իրական յոյսը:
Մեզմէ առաջ Հալէպէն ու Դամասկոսէն իրենց քաղաքացիները տարհանած մեծ պետութիւններու շարժումներուն դիմաց մենք մնացինք ձեռնածալ ու անիծեցինք մեր բախտը:
Մինչ հալէպահայը ամէն օր կը նօսրանար, հակառակ բեմէն երգուած երգերուն ու «շռնդալից» համարուած հանդէսներուն:
Իրօք, որո՞ւ վրայ կը խնդայինք, երբ մեր մեծ երազը մեզի կը տանէր ոչ թէ Քաշաթաղ, Բերձոր կամ Երեւան, այլ դէպի Լոս, Մոնթրէալ կամ Սէյնթ Քէյթրինզ:
Մոռնալով, որ հոն կառուցուած կամ կառուցուելիք բոլոր տուները կը բարձրանային աւազի եւ սուտ երազներու վրայ, որոնց վերացումը պիտի տեսնէինք մենք աւելի ուշ ՝ մայրամուտին:
Այս բոլորը, վերջին հինգ տարիներուն մեր հաւաքապէս ապրած փորձառութեան մէկ ճեպանկարն են: Ու այս պատկերներուն մէջ, խնդրեմ պարոնայք դուք աւելցուցէք, այն ցաւոտ ու արիւնոտ պատկերները, ուր Հալէպէն խոյս տուած մեր հայրենակիցներուն դիակներն անգամ չգտնուեցան Իզմիրի ջուրերուն դիմաց, կամ յիշելով այն հայ զինուորին վերջին ճիչը, որուն վրայ Տահէշի բարբարոսները պարպեցին իրենց հրացանին բոլոր փամփուշները:
Մենք այսօր Հալէպը կը կորսնցնենք: Կը կորսնցնենք նոր առեւտուրներուն առաջ: Կը կորսնցնենք, ոչ թէ որովհետեւ տկար ենք կամ անզօր, այլ որովհետեւ մեր ամբողջական ներուժը չդրինք փրկելու համար անոր յուսալքուած զաւակներուն ապրելու վերջին յոյսը:
Տակաւին մենք Հալէպը կը կորսցնենք դանդաղ քայլերով: Ճիշդ բժիշկ Ճէք Գէորգեանին «դանդաղ մահուան» «հնարք»ը գործադրելով: Կը կորսնցնենք ու պիտի կորսցնենք, այնքան ատեն, որ Հալէպ կ'երգենք, բայց Լոս Անճելոս կը նայինք: Կը կորսցնենք, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրելու վերջին յոյսը:
Մենք բոլորս մեղաւոր ենք: