Վետիի մէջ անչափահաս քոյրերու հետ կապուած գործով 2 անձ ձերբակալուած է, եւ անոնց նկատմամբ կալանաւորման միջնորդութիւն ներկայացուած է։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։
Աւելի վաղ ՔԿ-ն յայտնած էր, որ փետրուար 12-ին անչափահաս քոյրերու հայրը ՆԳՆ ոստիկանութեան Վետիի բաժին հաղորդում ներկայացուցած է այն մասին, որ փետրուար 8-ին Վ.Ե.-ն, օգտուելով իր դստեր անօգնական վիճակէն (կը տառապի «մտաւոր յետամնացութիւն» ախտորոշմամբ), կատարած է անառակաբարոյ արարք:
Քոյրերու նկատմամբ տեղի ունեցած առերեւոյթ դէպքի կապակցութեամբ դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Ա.Ե.-ի նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 198-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 4-րդ կէտերով (խոցելի վիճակի մէջ գտնուող անչափահասի նկատմամբ սեքսուալ բնոյթի բռնի գործողութիւններ կատարելը) եգ Դ.Ա.-ի նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 198-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ եւ 4-րդ կէտերով (3 դրուագ):
Մայիս 6-ին այս դէպքին Ազգային ժողովէն ներս անդրադարձած էր նաեւ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը։ Անոր խօսքով՝ անչափահասներու նկատմամբ անառակաբարոյ արարքի վերաբերեալ վարոյթը կը գտնուի Գլխաւոր դատախազութեան անմիջական ուշադրութեան ներքոյ։
«Վեդիի դէպքի մասին տեղեկացել եմ անմիջապէս, երբ հանրայնացուել է»,-ըսած էր Վարդապետեանը։