Փաքիստանը ողջունած է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմը դադրեցնելու հնարաւոր համաձայնութեան մասին տեղեկութիւնները՝ աւելցնելով, որ այս փուլին լրացուցիչ տեղեկութիւններ պիտի չբացայայտէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Al Jazeera»-ն։
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ որպէս միջնորդ՝ երկիրը պիտի չկորսնցնէ կողմերուն վստահութիւնը եւ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ պիտի չբացայայտէ։
Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Թահիր Անտրապին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Փաքիստանը պատրաստ է նպաստելու երկխօսութեան։ Ան աւելցուցած է, որ Փաքիստանը պիտի ողջունէ որեւէ կարգաւորում՝ անկախ վայրէն։
«Եթէ Փաքիստանի մէջ համաձայնագիր կնքուի, այդ մեզի համար պատիւ պիտի ըլլայ»,- ըսած է խօսնակը։
Աւելի վաղ Փաքիստանի կառավարութեան աղբիւրները յայտնած էին, որ յաջորդ շաբաթ կը նախատեսուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ պատերազմը դադրեցնելու նպատակով խաղաղութեան բանակցութիւններու երկրորդ փուլի կայացումը։
Փաքիստանը Ապրիլ 11-12-ին հիւրընկալած է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու առաջին փուլը, սակայն կողմերը համաձայնութեան չեն հասած։
Առայժմ յայտնի չէ, թէ ուր պիտի կայանան հնարաւոր բանակցութիւնները։ Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Իսլամապատի կամ Ժընեւի մէջ։