«Այս առաւօտ ալ իրավիճակը կը շարունակէ նոյնը մնալ Պէյրութի։ Դրամատուները կը մերժեն յաճախորդներուն կողմէ պահանջուած գումարները եւ յատկապէս այդ գումարները ամերիկեան տոլարով տալ» այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ իրեն ծանօթ անհատներ, այս առաւօտ երեք դրամատուներ գացած են եւ չեն կարողացած նոյնիսկ պանքերուն կողմէ սահմանուած քիչ գումարները (օրինակ 200$ կամ 300$ ամն տոլար) ստանալ։
Դրամատանուները պատասխանատուներ նշած են, որ յաճախորդները գումար ստանալու համար պէտք է գրանցեն իրենց անունները եւ դրամատուները աւելի ուշ կը կապուին իրենց հետ պէտք եղած գումարները տալու։
Նոյն առումով եւ ինչ կը վերաբերի ամերիկեան տոլարի սակին, եւ հակառակ երկրի կեդրոնական դրամատան կողմէ սահմանուած սակին, որն է 1 ամն տոլարին դիմաց 1515 լիբանանեան ոսկի, տոլարը կը շարունակէ վաճառուիլ մինչեւ 2200 լիբանանեան թղթոսկիի։