image

Թուրքիան նպատակ ունի վերականգնել թրքական կայսրութիւնը. Վարչապետ Փաշինեան (Տեսանիւթ)

Թուրքիան նպատակ  ունի վերականգնել թրքական  կայսրութիւնը. Վարչապետ Փաշինեան (Տեսանիւթ)

«Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորման մասին կարելի է լրջօրէն խօսիլ այն ժամանակ, երբ ահաբեկիչները եւ Թուրքիան իրենց նպատակներով հանդերձ հեռանան այս տարածաշրջանէն. Թուրքիան նպատակ ունի վերականգնել թրքական կայսրութիւնը, եթէ այս տարածաշրջանին մէջ այդ յաջողի, Թուրքիան կ'ընդարձակուի դէպի մայր ցամաքային Եւրոպայի տարածքներ»: Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, France 24-ին տուած հարցազրոյցին  ընթացքին:

«Այդ Թուրքիոյ կողմէ հայերու ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Պարզապէս Հարաւային Կովկասի հայերը վերջին խոչընդոտն են Թուրքիոյ ճանապարհին եւ անոնց ընդլայնումին դէպի Հիւսիս, Արեւելք եւ Հիւսիսային Արեւելք»,-ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք կը կարծէ, որ անոնք կը ցանկան ազատիլ Հայաստանէն, Փաշինեան ըսաւ, ի հարկէ: Այդ Թուրքիոյ պատմական նպատակն է:

Անդրադառնալով լրագրողի դիտարկման, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է՝ Փաշինեան ըսաւ թէ ՆԱԹՕ-ի այդ անդամը յարձակած է ՆԱԹՕ-ի մէկ այլ անդամի՝ Յունաստանի վրայ: Եւ թէ Թուրքիան ինչ կ'ընէ Միջերկրական ծովուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: «Թուրքիան հիմա յստակ նպատակ ունի՝ վերականգնել Թրքական կայսրութիւնը»: Վարչապետը շարունակեց թէ պէտք չէ զարմանալ, եթէ այդ քաղաքականութիւնը այստեղ յաջողի, եւ եթէ անոնք փորձեն ընդգրկել այդ կայսրութեան մէջ ոչ միայն յունական կղզիները, այլ ընդարձակուին դէպի մայրցամաքային Եւրոպա, «ուրեմն սպասել զինք Վիեննա»:

Վարչապետը ընդգծեց թէ «Քաղաքակրթութիւնը չի չկրնար չյաղթել, ապրելու կամքը, ապրելու իրաւունք ունեցող մարդիկ չեն կարող չյաղթել: Կասկած չկայ, որ հայ ժողովուրդը, որ քանի մը հազարամեակէ ի վեր կ'ապրի երկիր մոլորակին վրայ, ապրելու կամք ունի»:

Վարչապետը Ատրպէյճանի ժողովրդին միայն մէկ բան ըսած է որ Հարցուցէք դուք ձեզի, թէ որքանով գիտէք ճշմարտութիւնը սեփական ժողովուրդի, ձեր սեփական կառավարութեան, անոնց հարստութեան, ֆինանսական գործարքներու եւ նպատակներուն մասին: « Կը կարծեմ, որ Արպէյճանի ժողովուրդը պատանդ է բռնապետական կառավարութեան ձեռքին: Ալիեւի բռնապետական իշխանութեան համար հայերը միշտ ալ եղած են յարմար թշնամիի կերպար, որմով ան կը փորձէ շրջանցել ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու խօսքի ազատութիւնը»,-եզրափակած է Փաշինեան: