Նիկոլ Փաշինեան այսօր Սիւնիքի մարզ այցեած է: Վարչապետին ուղեկցած է ՏԿԵ նախարար Սուրէն Պապիկեանը, ԱԺ փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեանը եւ այլ պաշտօնեաներ:
Փաշինեանի Մեղրի գտնուած ժամանակ լարուած իրավիճակ ստեղծուած է: Տասնեակ մարդիկ փողոց դուրս եկած եւ բողոքի հաւաք իրականացուցած են, փակելով դէպի հրապարակ տանող ճանապարհը եւ վանկարկած «Նիկոլ դաւաճան, Նիկոլ թուրք»:
Քաղաքացիները պահանջած են, որ Փաշինեան հեռանայ, նշած են, որ ոչինչ ունին իր հետ խօսելու:
Բողոքի հաւաքը վերահսկելու համար փողոց բերուած են ոստիկաններ, յատուկջոկատայիններ ու Ազգային անվտանգութեան ծառայողներ, որոնք փորձած են ետ քաշել քաղաքացիները եւ բերման ենթարկել՝ բանալով ճանապարհը Նիկոլ Փաշինեանի առաջ:
Քաղաքացիները նաեւ հայհոյած են ուժայիններուն՝ նշելով՝ ան որ կը պաշտպան եւ կը ծառայէ Փաշինեանին, նոյնպէս թուրք է:
Քաղաքացիներու հայհոյանքներուն եւ վիրաւորանքներուն ներքոյ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ուժայինները նստած են մեքենաներ եւ լքած տարածքը:
Քաղաքացիները մտավախութիւն ունին, որ Ատրպէյճան տանող ճանապարհը, որ դեռ պէտք է կառուցուի, պիտի անցնի Մեղրիով:
Նշենք, որ վարչապետը դեռ երէկուընէ Սիւնիք էր: Երէկ երեկոյեան Փաշինեանը Ալէն Սիմոնեանի հետ այցելած էր Շուռնուխ՝ հիւրընկալուելով քանի մը բնակիչներու կողմէ: