image

Թուրքիա. Պետական Հարուածի Վարկածը Սկսած Է Աճիլ

Թուրքիա. Պետական Հարուածի  Վարկածը  Սկսած Է Աճիլ

Էրտողանի  դէմ հնչած  «գերմանական   երգ»էն  զատ   Թուրքիոյ զարգացումներուն հետեւող  դէտերուն համար    ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Էրտողանը  իր  գրասնեակին մէջ չընդունելու «ոչ  դիւանագիտական»   որոշումը    կրնայ կարեւոր ազդանշան   ըլլալ կապուած       AKP – ԱՄՆ   յարաբերութիւններու յառաջիկայ  ձեւաչափին առընթեր: Կայ նաեւ  այն մօտեցումը, ըստ որուն   ԱՄՆ,  հասկնալով,  որ այլեւս      անհնար է    իշխող AKP- էն  ներս    փոփոխութիւններ   առաջացնել, կ՛օգտագործէ    այլ       պատրաստի գործիքներ՝ իր  դաշնակից երկրին մէջ նոր փուլ մը  սկսելու համար: Այլեւս գաղտնիք չէ, որ ԱՄՆ  «խիստ վրդոված» է  Թուրքիայէն:  Նոյնը կարելի է ըսել եւրոպական  թեւին համար, որ սակայն  այսօր  «տղամարդու» պէս  կենալու   եւ հարցերը     թափանցիկ կերպով քննարկելու ուժը չունի: Այս բոլորին  վրայ  պէտք է նաեւ աւելցնել    Թուրքիոյ մէջ առկայ անհանգիստ  վիճակը եւ բնակչութեան ընդհանուր վախերը, ոչ միայն իշխանութիւնէն  այլ ապահովութեան խախուտ իրադրութիւնէն: Այստեղ   պէտք է   ի մտի ունենալ, որ Էրտողանի իշխանութեան  տակ  եղող  Թուրքիոյ    մէջ  գետնի վրայ     շրջադարձային քայլ ընելու միակ հնարաւորութիւնը կը գտնուի  բանակին մօտ:

Այսօր այդ մասին կը խօսուի թրքական ընկերութեան տարբեր հատուածներուն մէջ   պարզ քաղաքացիներէն մինչեւ ամենաբարձր դիրքերու վրայ գտնուող  պատասխանատուներ,  գաղտնագողի  ու յաճախ  վախ կրող   շեշտով մը  իրար ականջներուն կը  փսփսան  թրքական բանակի  հաւանական    քայլերուն  մասին: Հաւանական  քայլ,  կը նշանակէ   յեղաշրջում: Հաւանական  քայլ  Թուրքիոյ մէջ, կը նշանակէ փոփոխութիւն, որ կրնայ        պարուրուած ըլլալ  արիւնով:

Չմոռնանք  նաեւ քրտական գործօնը, որ  ամէն պարագայի առանձինն   փոփոխութեան ազդակ մը դառնալու ուժը չունի:

Այս  իրավիճակներուն մէջ   է նաեւ, որ  Էրտողան Միացեալ Նահանգներ կ'այցելէ ճիշդ այն պահուն, երբ   670 ամերիկացի  պատասխանատուներ իրենց ընտանիքներով  կը հեռանան   երկրէն:  Իսրայէլ,  իր կարգին  կը պահանջէ   իր քաղաքացիներէն այս հանգրուանին «մոռնալ»   Թուրքիան:

Նէօ- օսմանիզի      հանդերձանքով  երեւցող  Էրտողանի Թուրքիան  այսօր կարեւոր քննութեան առջեւ է:   Էրտողան  ամէն ճիգ պիտի ընէ  դրական միաւորներով    տուն  դառնալ: Սակայն հիմնական  հարցադրումը կը մնայ, որ արդեօ՞ք    Ամերիկայի համար  հնչած է  այսօրուան Թուրքիան  տապալելու  ազդանշանը:

Եւ եթէ  այո, ապա ի՞նչ        ձեւաչափով  պիտի  խմորուի       արիւնոտ պատմութեամբ ջուրի երես ելած       Հայաստանի  «հարեւան»   եղող   եւ արդէն  յետ- քեմալական  Թուրքիոյ համար: 

 

 Խմբ.