image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա.Հանդիպեցան Էրտողանն ու Զելենսքին

Թուրքիա.Հանդիպեցան Էրտողանն ու Զելենսքին

10 Ապրիլին, Թուրքիոյ մէջ մեկնարկեցին նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ անոր գործընկեր՝ Ռէճէպ Էրտողանի միջեւ բանակցութիւնները: Երկու պետութիւններու առաջնորդներուն միջեւ զրոյցը կայացաւ դէմ առ դէմ ձեւաչափով, հաղորդեց 24 կայան-ը:

Ուքրանիոյ առաջնորդը ժամանեց Թուրքիա տիկնոջ՝ Ելենա Զելենսքայայի հետ: Անոնք անմիջապէս մեկնեցան Թուրքիոյ նախագահի նստավայր՝ Հուպեր պալատ, ուր զիրենք դիմաւորեց Էրտողանը:

Ուքրանական պատուիրակութեան անդամները դիմաւորեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախագահ՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար՝ Անտրէյ Երմաքի խօսքով՝ անոր կազմը բաւական մեծ է: Կան գործունէութեան բոլոր ոլորտներու ներկայացուցիչներ՝ տնտեսականէն մինչեւ ռազմական:

«Քննարկուող հարցերու շրջանակը շատ լայն է: Անշուշտ, կը խօսին Տոնպասի իրավիճակի եւ Ղրիմի մասին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան շուրջ»,-ըսաւ Երմաքը:

Երմաքի խօսքով՝ նախագահներու հետ զրոյցէն յետոյ նախատեսուեցաւ թուրք-ուքրանական ռազմավարական խորհուրդի 9-րդ նիստը: