image

Թուրքիա. «Քովիտ»ով վարակուածներու թիւը մրցանիշային աճ գրանցած է

Թուրքիա. «Քովիտ»ով վարակուածներու թիւը մրցանիշային աճ գրանցած է

Թուրքիոյ մէջ ուրբաթ «Քորոնա» ժահրով վարակման օրական ցուցանիշը մօտ եղած է մրցանշայինին, որ գրանցուած է նախօրէին, եւ կազմած է 55 791: Այս մասին կը յայտնէ  «Ռիա Նովոստի»՝ յղում տալով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան:

Ինչպէս 29 մարտին նշած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, թրքական նահանգներու մեծ մասին մէջ վարակումներու դէպքերու թիւի աճի պատճառով հանգստեան օրերուն կրկին կը սահմանուի պարէտային ժամ՝ ուրբաթ 21:00-էն մինչեւ երկուշաբթի 05:00:

Ապրիլի սկիզբը «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու թիւի օրական ցուցանիշը քանի մը անգամ թարմացուցած է համավարակի բռնկումէն ի վեր գրանցած մրցանիշները՝ առաւելագոյնին հասնելով հինգշաբթի՝ 55 94: