image

Թուրքիա կրակ կը թափէ Լիբանանի նախագահին դէմ. Պատճառը Օսմանեան կայսրութեան մասին Աունի տեսակէտն է

Թուրքիա  կրակ կը թափէ  Լիբանանի  նախագահին    դէմ. Պատճառը  Օսմանեան կայսրութեան մասին Աունի տեսակէտն է

Թուրքիոյ   արտաքին գործոց նախարարութիւնը  խստաոճ  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ծանր   քննադատութիւններ ուղղած է Լիբանանի  նախագահ Զօր. Աունի հասցէին։

Նախարարութիւնը,  պատասխանելով օրեր առաջ  Աունի  կողմէ    եղած    յայտարարութիւններուն, ուր վերջինս  ծանրօրէն քննդատած եւ «պետական ահաբեկչութիւն»   որակած էր Օսմանեան կայսրութեան  արարքները 20-րդ   դարու  սկիզբին  նկատել տուած էր,  որ  Աուն  կը նենգափոխէ պատմութիւնը։

Նախարարութիւնը նաեւ  յայտարարած է, որ  լիբանանցի նախագահին այս  վարմունքը չի կ՚անտեսէ Թուրքիա- Լիբանան   բարձր մակարդակի  յարաբերութիւնները յիշեցնելով, որ      Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլուն   այս օրերուն   Պէյրութ կ՚այցելէր,  ուր         հանդիպումներ ունեցած էր լիբանանցի  բարձրաստիճան     պատասխանատուններու հետ, քննարկելով երկու երկիրները  յուզող  բազմապիսի  խնդիրներ։

 

Յիշեցնենք, որ նախագահ  Աունի  Օսմանեան տէրութեան   մասին  յայտարարութիւնները  կատարուեցան   «Մեծն Լիբանան»ի  (1920)    (Տաուլաթ  Լուպնան  ալ  քապիր)  100-ամեակի  նշման նախապատրաստական  աշխատանքներու  ծիրէն  ներս։