«Թուրքիան պէտք է դուրս հանէ զօրքերը Աֆղանիստանէն՝ 2020-ի համաձայնագիրին համապատասխան։ Այս մասին ըսած է «Թալիպանի» ներկայացուցիչը՝ փաստօրէն մերժելով Անքարայի առաջարկութիւնը՝ պահպանելու եւ կառավարելու Քապուլի օդակայանը ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ ՆԱԹՕ-ի ուժերը հեռանալէն ետք», տեղեկացուցած է Reuters։
Այս դիրքորոշումը լուրջ հարցեր առաջացուցած է Միացեալ Նահանգներու, այլ երկիրներու եւ Քապուլի մէջ առաքելութիւններ ունեցող միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ այն առնչութեամբ, թէ ինչպէս անվտանգ տարհանել իրենց զօրակազմերը դէպի ծով ելք չունեցող Աֆղանիստանէն։ Բացի այդ, խորտակած է Անքարայի՝ Քապուլի օդակայանի պահպանութիւնը, Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար օգտագործելու յոյսերը։
«Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի ուժերէն մասն մըն էր վերջին 20 տարիներուն, ուստի անոնք պէտք է հեռանան Աֆղանիստանէն այն համաձայնագրի հիման վրայ, որ մենք ստորագրած ենք ԱՄՆ-ի հետ 2020-ի 29 փետրուարին»,- ըսած է թալիպներու ներկայացուցիչ՝ Սուհայլ Շահին։ «Մնացած հարցերուն Թուրքիան մեծ իսլամական երկիր է։ Աֆղանիստանը պատմական յարաբերութիւններ ունի անոր հետ։ Մենք անոր հետ սերտ եւ լաւ յարաբերութիւններու յոյս ունինք, քանի որ ապագային երկրին մէջ պիտի ստեղծուի նոր իսլամական կառավարութիւն»,- աւելցուցած է Շահին։
2020-ի փետրուարին, նախկին նախագահ՝ Թրամբի օրօք, թալիպներու հետ կնքուած համաձայնագրի համապատասխան՝ ԱՄՆ-ի բոլոր ուժերը պէտք է դուրս ելլէին Աֆղանիստանէն մինչեւ 1 մայիսը։
Բայց Ճօ Պայտըն ապրիլին յայտարարեց, որ դուրս ելլելը կ'աւարտի մինչեւ 11 սեպտեմբերը։
Փենթակոնը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի զօրքերու դուրս ելլելը աւարտած է աւելի քան 50 տոկոսով։ Թուրքիան, որ 500 զինուորէն աւելի ունի Աֆղանիստան, հիմա այնտեղ ամենամեծ օտարերկրեայ զօրակազմը ունի։