image

Թրամբ կը մերժէ գործարքը. Թուրքիա Patriot հրթիռներ պիտի չունենայ. CNN

Թրամբ կը մերժէ գործարքը. Թուրքիա Patriot հրթիռներ պիտի չունենայ. CNN

Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս հրաժարած է՝ Թուրքիոյ Patriot զէնիթահրթիռային համալիրներ վաճառելու առաջարկէն: Այս մասին յայտարարած է CNN-ը: 

Անոր խօսքով` ԱՄՆ իշխանութիւնը թրքական կողմը զգուշացուցած էր, որ իրենց առաջարկը կը չեղարկուի, եթէ Անգարան ընդունի ռուսական C-400-ի գնման տարբերակը: «Մեր առաջարկը Patrioti վերաբերեալ սպառած է»,- նշած է պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:

Աւելի վաղ Թուրքիան յայտարարած էր, որ ռուսական C-400 զէնիթահրթիռային համակարգը կը գերազանցէ ամերիկեան Patriot-ը:

Յիշեցնենք, որ 12 յուլիսին ռուսական C-400 համակարգերու առաջին խմբաքանակը մատակարարուած է Թուրքիա: ԱՄՆ խումբ մը սենաթորներ կոչ ըրած էին նախագահ Թրամբին պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ դէմ` ռուսական C-400-ներու մատակարարման մեկնարկի առնչութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը C-400 համակարգերու մատակարարման գործարքը Ռուսաստանի հետ երկրի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն համաձայնագիր անուանած է: Էրտողանի խօսքով՝ C-400-ներու մատակարարման գործընթացը, որ մեկնարկած է 12 յուլիսին, կրնայ աւարտիլ 2020-ի ապրիլին: