image

Սուրիոյ «Հըմէմիմ» ռազմական օդակայանը պիտի ընդարձակուի

Սուրիոյ «Հըմէմիմ»   ռազմական օդակայանը   պիտի ընդարձակուի

Սուրիա   տեղակայուած  ռուսական զօրքերու  «Հըմէմիմ» մեծագոյն ռազմական  օդակայանը պիտի   ընդարձակուի։

 

 Այս  մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Սփութնիք»  ծառայութիւնը նշելով  նաեւ, որ     օդակայանին մօտ պիտի   կառուցուի    վայրէջքի նոր հարթակ մը, որուն շնորհիւ ալ   օդակայանին  ապահովական  մակարդակը    եւ տարողականութիւնը պիտի բարձրաձուի առաւելագոյնի։

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ  «Հըմէմիմ»   ռազմական   օդակայանին   տեղակայուած  ռուսական արդիական   օդանաւերու թիւը կը հասնի  30-իեւ   տեղի ունենալիք    փոփոխութիւններէն    ետք  օդակայանը     կարողականութիւն  պիտի    ունենայ ընդունելու    շատ աւելի մեծ  թիւով կործանիչներ։