image

Տիարպեքիրի ռազմական խարիսխին մօտ երկու մեծ պայթում լսուած է

Տիարպեքիրի ռազմական խարիսխին մօտ երկու մեծ պայթում լսուած է

Մայիսի լոյս 19-ի գիշերը Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն պատկանող Տիարպեքիրի 8-րդ օդուժի ռազմակայանին մէջ 20 վայրկեան ընդմիջումով 2 պայթում որոտացած է: Այս մասին Twitter-ի էջին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն:

Սոյլուի խօսքով՝ միջադէպերու հետեւանքով մարդկային եւ նիւթական կորուստներ չկան: 

Ermenihaber-ի հաղորդմամբ, թրքական տարբեր լրատուամիջոցներ յայտնածեն, որ պայթումները տեղի ունեցած են ոչ թէ ռազմակայանի տարածքին, այլ անոր մերձակայքը: Պայթումները զգացած են ռազմակայանին յարակից շրջաններուն մէջ: Անոնց հետեւանքով խուճապ առաջացած է տեղի բնակչութեան մօտ: 

Այս կապակցութեամբ նաեւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նշուած է, որ ռազմակայանի վրայ յարձակման փորձերը իրականացուած են փոքր ԱԹՍ-ներով (անօդաչու թռչող սարք):