Սուրիական բանակի զինուորները հասած են Թուրքիոյ հետ սահման՝ Ռաս ուլ-Այն քաղաքի հիւսիսարեւելեան շրջան, ուրկէ պայմանաւորուածութեան համաձայն հեռացած են «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» քիւրտ-արաբական զօրամիաւորման ջոկատները: Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ պետական հեռուստատեսութիւնը:
«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ը աւելի վաղ յայտարարած են իրենց մարտիկներու՝ թուրք-սուրիական սահմանէն հեռանալու մասին, անոնց պիտի փոխարինեն սուրիացի սահմանապահները: Իսկ քրտական ջոկատները պիտի տեղակայուին նոր դիրքերու վրայ՝ սահմանէն հեռու՝ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար:
Սուրիական երկու պետական հեռուստաալիքներ հաստատած են քրտական զօրամիաւորման ուժերու նահանջը թուրք-սուրիական սահմանէն 32 քմ հեռաւորութեամբ: