Սուրիահայ անուանի ֆութպոլիստ, Սուրիոյ Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հայ անդամ Մարտիկ Մարտիկեան վարակուած է «Քորոնա»ով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Մարտիկեանի վարակուած ըլլալը պարզ դարձած է Հալէպի մէջ կատարուած քննութեան արդիւնքով, ուր կը գտնուէր հայազգի մարզիկը՝ հաւաքականի իր ընկերներուն հետ մարզման «բանակում»ի մը մասնակից դառնալու նպատակով։
Կը նշուի նաեւ, որ Մարտիկեանի կողքին կան նաեւ հաւաքականի անդամ այլ մարզիկներ։
Յիշեցնենք, որ վարակը մասնաւորապէս վերջին օրերուն գլուխ բարձրացուցած է սուրիական տարբեր քաղաքներու եւ ի մասնաւորի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։