Նարեկ Խաչատրեանն ընդունուած էր Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանը (Պոլիտեխնիկ), եւ ուսումը պէտք է շարունակէր ծառայութենէն ետք։
News.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ, Նարեկ Խաչատրեանին ճանչցող թալինցիները պատմած են, որ ան համեստ ընտանիքէ էր, աշխատասէր ու խելօք երիտասարդ։ Թալինցիները շոքի մէջ են, չեն պատկերացներ, թէ ինչը կրնար նման արարքի պատճառ դառնալ։