8 Փետրուարին, ժամը 14:15-ի սահմաններուն, Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ հիւանդութեան (նախնական ախտորոշումը՝ մինինկոքոքցեմիա՝ կայծակնային ձեւ) պատճառով մահացած է ՊԲ զինծառայող, 1999-ի ծնունդ Հայկ Սերկէյի Յակոբեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: