image

««Առանց Ասատի Սուրիա մը» ընտրանքը արդէն մահացած է»Ինչպէս կը մեկնաբանեն վերլուծաբանները Պաշշար Ասատի վերընտրութիւնը

««Առանց Ասատի Սուրիա մը» ընտրանքը արդէն մահացած է»Ինչպէս կը մեկնաբանեն վերլուծաբանները  Պաշշար Ասատի վերընտրութիւնը

Լիբանանեան «Ալ Նահար» պարբերականը անդրադարձած է Սուրիոյ վերընտրուած նախագահ Պաշար Ալ-Ասատի իր նախագահական շրջանին առաջնահերթութիւններուն մասին:

 

 Ի՞նչ պիտի ըլլան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջնահերթութիւնները եւ այդ առումով ինչ քայլերու պիտի դիմէ Ասատ, որ օրեր առաջ վերընտրուեցաւ տիրանալով։ քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութեան անվերապահ վստաութիւնը։

 Այս մասին մանրամասն նիւթ հրապարակած է լիբանանեան «Ալ Նահար», որուն շահեկանութեան համար կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

Ի՞նչ են Ասատի առաջնահերթութիւնները իր նոր նախագահական շրջանին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, ինչպէս բոլորը կ'անկնկալէին, չորրորդ անգամ ըլլալով վերընտրուեցաւ երկրի նախագահի պաշտօնին։

 Ի վերջոյ ի՞նչ ուղերձ կը յղէ անոր յաղթանակը տասնամեակի աւերիչ հակամարտութիւններէն ետք եւ ի՞նչ են անոր ա կարեւոր առաջնահերթութիւնները յաջորդ փուլին համար:

Ի՞նչ կը նշանակէ Ասատի վերընտրութիւնը:

55 տարեկան Ասատի վերընտրուիլը անակնկալ չէր անոր կողմնակիցներուն ու հակառակորդներուն համար:

Չնայած արդիւնքները կանխորոշուած էին, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած էին տարբեր քաղաքներուն մէջ եւ կը սպասէին յայտարարութեան՝ նշելով, թէ Դամասկոսը ինչ նշանակութիւն կու տայ տասը տարի առաջ հակամարտութեան բռնկումէն ի վեր իր երկրորդ վերընտրութեան:

«Ալ Ուաթան» թերթը ուրբաթ օր իր առաջին էջին գրած էր, թէ «Սուրիացիներուն 97,5 տոկոսը ըսաւ իր խօսքը. Պաշշար Ասատը Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան նախագահն է»։

 

 Իր կարգին ֆրանսացի յայտնի հետազօտող Նիքոլա Հըրէյս կը գրէր, թէ Ասատի ընտրութեան մէջ կարեւոր պատգամներ կան, ու այդ առումով կ՚ըսէր ՝«Ասատը ազդանշան կ'ուղղարկէ ինչպէս Սուրիոյ ընդդիմութեան, այնպէս ալ անոր արտաքին հակառակորդներուն, որ անոր տապալելու երազանքները արդէն մեռած են։

 

Հըրէյս կը կարծէ, որ ընտրութիւնները, Ասատի 95,1 տոկոս ձայնով, կը հանդիսանան կարեւոր պատասխան բոլոր այն կողմերուն, որոնք մինբեւ վերջերս կը հաւատային «Սուրիան առանց Ասատի ընտրանք»ին:

Ի՞նչ են Ասատի առաջնահերթութիւնները յաջորդ փուլին ընթացքին:

Ասատ, իր նախընտրական կարգախօսը ընտրեց «յոյսով գործել» նշանաբանը։ Ըստ իշխանութիւններուն, ընտրութիւններուն մասնակցած են քուէարկելու իրաւունք ունեցող ընդհանուր 18 միլիոն սուրիացիներէն 14 միլիոնը Սուրիայէն եւ արտերկիրէն: Ասատ յայտարարեց,որ այս ընթացքը «աշխատանքային նոր փուլի սկիզբ է» նշելով նաեւ, որ «Սուրիան պէտք է կառուցել այնպէս, ինչպէս պէտք է»։

Յայտենք որ, իշխանութիւններուն կողմէ յայտարարուած ընտրողներուն թիւը գերազանցեց վերլուծաբաններուն կանխատեսումները, մանաւանդ որ ընտրութիւնները տեղի ունեցան կառավարական ուժերու կողմէն վերահսկուող տարածքներուն մէջ, ուր կը բնակէր շուրջ 11 միլիոն մարդ:

Ըստ Հըրէյսի, Ասատի նախընտրական արշաւը կարեւորեց Ասատի դերը որպէս պատերազմի մէջ յաղթող առաջնորդ, որ հսկայական գաղափարներ ունի Սուրիան վերակառուցելու համար: Բացի այդ, ան միակն է, որ պիտի կրնայ կարգ ու կանոն հաստատել Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան քաոսէն ետք, որ քայքայեց երկիրի տնտեսութիւնը եւ խլեց աւելի քան 388,000 մարդու կեանք:

Մինչ Ասատը կը գիտակցի, որ միջազգային հանրութենէն միջոցներ ստանալը վերակառուցման համար չի կրնար տեղի ունենալ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գտնուող քաղաքական կարգաւորումէն դուրս, ան կ'աշխատի իր թիկունքին գտնուող իր դաշնակիցները ներգրաւել:

Ընտրութիւններէն առաջ սուրիացի պաշտօնեաները կանխամտածուած տեղեկութիւններ յայտնած էին Պարսից ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու եւ կապի բաց ուղիներու, յատկապէս Սուէտական Արաբիոյ հետ կապի սպասուող լուրջ փոփոխութեան մասին, որուն մանրամասները պիտի բացայայտուին ընտրութիւններէն ետք:

 Նշենք, որ նախագահի խորհրդական, հայր Ասատի գործակիցներէն համարուող Պուսայնա Շաահպան հինգշաբթի օր տեղական «Sham FM» ռատիոկայանին ըսած էր. «Դամասկոսի և Ռիատիի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրուին, եւ յառաջիկայ օրերուն այս առումով մենք կրնանք ունենալ դրական արդիւնքներ»։

Նոյն լաւատեսութիւնը յայտնած է, Արտաքին գործերու նախարար Ֆէյսալ Մըքտատ, որ երկու օր առաջ ըսած է, թէ քաղաքական հռետորաբանութիւնը փոխուած է, եւ այդ ընթացքը պիտի առաջնորդէ տարածաշրջանային դրական ելքերու։

Հակամարտութեան բռնկումէն ետք տարիներու օտարացումէն եւ Սուրիոյ դերի մասնակի սառեցումէն ետք ի յայտ եկան քանի մը կարեւոր նախանշաններ, որոնց գլխաւորը Պարսից Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներու դեսպանատուներու վերաբացումն էր՝ մայրաքաղաք Դամասկոսի։

 Իր կարգին Սուրիացի հետազօտող Շատի Ահմէտ AFP գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ յատկապէս պատերազմի տարիներուն արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները եղած են լարուած, յոյս յայտնելով նաեւ, որ յառաջիկայ փուլին յարաբերութիււնները պիտի մտնեն կարգաւորման փուլ։

Ի՞նչ են Ասատի հակառակորդներուն տարբերակները:

 Պաշշար Ասատ միշտ կրկնած է բանակցութիւններու եւ կամ նոյնիսկ ուժի միջոցով իր վերահսկողութիւնէն դուրս գտնուող տարածքները վերադարձնելու իր մտադրութիւնը, սակայն Իտլիպի մէջ եւ անոր շուրջ առկայ թուրք-ռուսական «համաձայնական» ներկայութիւնը, եւ երկրի հիւսիս-արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւելք (ուր կայ քրտական զինուորական ներկայութիւն) տարածքներուն վրայ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը կը խոչընդոտեն անոր յառաջացման:

Երբ ան շահեցաւ ընտրութիւնը, անոր հակառակորդներուն տարբերակները նուզեցան:

 Այս առումով ուշագրաւ տեսակէտ յայտնած է սուրիացի վերլուծաբան Սամի Պիթար, որուն կարծիքով նախագահ Ասատը պէտք է աւելի ճկունութիւն ցուցաբերէ եւ այդպիսով դանդաղ, սակայն հաստատ քայլերով առաջ երթալ։

 

  «Արեւելք»ի համար  Արաբերէնէ թարգմանեց ՝ Ա. Տ.