image

Քուէյթ․ Մարիամ Մովսէսեան արժանացաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակին

Քուէյթ․ Մարիամ Մովսէսեան արժանացաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակին

Քուէյթի Ազգային Վարժարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտ Մարիամ Մովսէսեան մեծ շուքով արժանացաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական-կրթական յատուկ մրցանակին՝ պաքալորիայի պետական քննութեանց մէջ ապահովելով բարձրագոյն՝ 99,35 առ հարիւր փայլուն գնահատականը։ 1000 քուէյթեան դինար կազմող այս յատուկ պարգեւն ու պատուոյ գիրը յանձնեց պարոն Ներսէս Գույումճեանը: Ասիկա առաջին քաջալերանքներէն մէկն է, որմով յաջողակ ուսանողուհին պիտի շարունակէ իր փայլուն կրթական ուղին։

Արդէն 17 տարի է, ինչ գոյութիւն ունի այս մրցանքը, որուն հիմնադիրն ու հովանաւորն է քուէյթաբնակ ճանչցուած ազգային-հասարակական գործիչ, գործարար, գրող եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ ծնունդով հալէպահայ է։ Իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին տրուող այս մրցանակը կամ նպաստը կը շնորհուի Քուէյթի եւ Հալէպի հայկական վարժարաններու մէջ բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած ուսումնատենչ հայ երիտասարդներուն։

Բարերարը հաստատօրէն կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով ու համոզումով, որ բարձրագոյն ուսումն ու մայրենի լեզուի պահպանումը ամենաազդու ու զօրաւոր զէնքերն են՝ սփիւռքահայ կեանքի ներկայ դժուարութիւններն ու տագնապները յաղթահարելու համար։ Քանի որ Կիրակոս Գույումճեանը ինքը Հալէպ ծնած, մեծցած եւ ազգային-քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած է, իր հայրենակցական ու եկեղեցական կապերու միջոցով անոր կրթական ու բարեգործական ծրագիրները, այդ շարքին՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» ֆոնտի ու հիմնադրամի գործունէութիւնը, միշտ սերտօրէն առնչուած կը մնան նաեւ Հալէպի եւ հայ համայնքի զաւակներու խրախուսման հետ։