ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դատական հայցեր ներկայացուցած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեանի եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեանի դէմ։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգէն, կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»ն։
Նախկին պատգամաւորի դէմ հայցը յուլիս 10-ին վարոյթ ընդունուած է եւ մակագրուած է Շիրակի մարզի քաղաքացիական դատարանի դատաւոր Լիլիթ Խաչատրեանին։ Անոնցմէ Փաշինեանը կը պահանջէ հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրել յունիս 9-ին hraparak.am-ի էջին հրապարակուած տեղեկութիւններու համար, որոնք, ըստ Փաշինեանի, իր հասցէին վիրաւորանք եւ զրպարտութիւն կը պարունակեն։
Յովսէփեանը ըսած էր, որ՝ «Փաշինեանը շտապեց իրեն յաղթող յայտարարել, ինքը շատ լաւ գիտէր, թէ ինչպէս է նկարելու այդ ամէն ինչը, դրա համար էլ յայտարարեց այն, ինչն արել է եւ զարմանում եմ, թէ ինչու ենք մենք զարմանում», «Բայց ինքը շատ լաւ գիտէր, թէ ինչ են նկարելու իրենք, եւ բնականաբար յայտարարեց: Սա մեզ համար զարմանալի չի, մենք վաղուց ենք իրեն ճանաչում, իր ստախօսութիւնը մեզ համար նորութիւն չի, իր ժողովրդավարութեան կեղծիքն էլ մեզ համար նորութիւն չի եւ բնականաբար այդ ամէն ինչի արդիւնքում գիտենք`ինչ պէտք է անի», եւ այլն։
Փաշինեանը կը պահանջէ ոչ միայն հրապարակային ներողութիւն, հերքում, այլեւ 2 միլիոն դրամ փոխհատուցում վիրաւորանքի եւ 4 միլիոն դրամ ալ՝ զրպարտութեան համար։
Էտմոն Մարուքեանի դէմ հայցը յուլիս 10-ին մակագրուած է քաղաքացիական դատարանի դատաւոր Աննա Շիլաջեանին։
Փաշինեանը կրկին կը պահանջէ հերքում եւ ներողութիւն յունիս 9-ին Մարուքեանի կողմէ դիմատետրեան էջին հրապարակուած տեղեկութիւններու համար, սակայն պահանջի ամբողջական բովանդակութիւնն անյայտ է, քանի որ «Դատալեքս» համակարգի մէջ պահանջի տուեալները թերի լրացուած են։