Սուրիոյ մօտ ՄԱԿ-ի յանձնակատար Տէ Միսթուրա յայտնած է, որ Սոչիի եւ Ռիատի համագոէմարները պիտի նպաստեն Ժնեւի մէջ իսկական բանակցութիւններու մեկնարկին, որ եւ պիտի առաջնորդէ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Տէ Միսթուրա շեշտած է, որ ժամանակը արդէն հասած է, որ Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի իսկական լուծում տրուի, եւ ժնեւի բանակցութիւնները պէտք է իրականացուին առանց նախապայմաններու:
ՄԱԿ-ի յանձնակատարը նշած է նաեւ, որ աշխատանքի մեկնարկը պէտք է տրուի թիւ 2254 որոշման կիրառմամբ, որ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի հսկողութեամբ արդար ընտրութիւններու իրականացման, միաժամանակ շեշտելով, որ նոր սահմանադրութիւնը պէտք է հաստատուի բոլորին կողմէ:
Տէ Միսթուրա կարծիք յայտնած է, որ Սուրիական ճգնաժամը ժամանակակից պատմութեան ամենադաժամ ճգնաժամն է, եւ Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներու ծախսը պիտի գերազանցէ 250 միլիառ տոլարը: