Օրերս իր մահականցուն կնքած Սարգիս Հացպանեանի հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի վաղը Երեւանի մէջ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն:
Նշենք, որ հոգեհանգստեան կարգը տեղի պիտի ունենայ Կոնտի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 17:30-ին:
Թաղման վայրին եւ օրուան մասին տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: