Ամերիկեան «Monitor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Հարաւային Սուրիոյ վերաբերեալ Ռուսիա-Իսրայէլ համաձայնութեան, ըստ որուն, իրանեան ուժերը պէտք է հեռացուին Սուրիոյ հարաւէն, միաժամանակ նշելով, որ ըստ որոշ վերլուծաբաններու, յիշեալ համաձայնութիւնը նպատակ ունի Սուրիոյ պատերազմի աւարտը յետաձգել:
Կայքը լուսարձակի տակ առած է երկու դաշնակիցներու՝ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի շահերու բախումը, նկատի ունենալով, որ Ռուսիա ներկայիս Իրանի դէմ օդային յարձակումներ իրականացնող Իսրայէլի հետ կը դաշնակցի:
Իրանեան զինուած ուժերու հրամանատարութեան պաշտօնական խօսնակ Մասուտ Ճազայրի այս առթիւ նշած է, որ ի տարբերութիւն ԱՄՆ-ի, իրանեան ուժերը Սուրիոյ մէջ կը գտնուին սուրիական կառավարութեան խնդրանքով: Ան շեշտած է նաեւ, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւնները շատ ամուր են, եւ ոչինչ կրնայ ազդել այդ յարաբերութիւններուն վրայ:
Միւս կողմէ իրանցի պահպանողական վերլուծաբաններէն մէկը յայտնած է, որ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ Ռուսիոյ դերը կը սահմանափակուի տարածաշրջանի խաղաղութիւնը պահպանելով, ինչպէս նաեւ իր խորհուրդներով Իսրայէլի եւ Իրանի համոզելով հեռու մնալ բախումէ: