Այնճար Կը Սգայ Մեսրոպ Քէնտիրճեանի Կորուստը
Այնճարի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքին կողմէ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն Մեսրոպ Քէնտիրճեան։ Անոնցմէ էր, որոնց ներկայութիւնը կը զգացուի ոչ միայն ընտանիքին մէջ, այլ նաեւ՝ գիւղի յիշողութեան, բարեկամական շրջանակներու եւ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ։ Ուսուցիչ, գրող, հայրենի հողին ու Այնճարի այգիներուն կապուած մարդ՝ Մեսրոպ Քէնտիրճեան իր ետին կը ձգէ ազնիւ մարդու, քաջալերող դաստիարակի եւ գաղափարական նկարագրի մը յիշատակը։
Այս տխուր առիթով ամերիկահայ համայնքային գործիչ Ռաֆֆի Քէնտիրճեան սրտառուչ գրառում մը կատարած է իր սիրելի հօրեղբօր եւ կնքահօր մասին՝ զայն յիշելով որպէս ուղեցոյց, քաջալերող եւ բարի մարդ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ռաֆֆի Քէնտիրճեանի գրառումը, ապա՝ հրապարակուած մահազդը։
Ռաֆֆի Քէնտիրճեանի գրառումը
Այսօր աւելի կանուխ կորսնցուցինք իմ սիրելի Մեսրոպ Ամմօս՝ իմ թանկագին հօրեղբայրս եւ կնքահայրս։ Ամմօն պայքարեցաւ բարի պայքարը եւ այս աշխարհէն մեկնեցաւ քիչ մը շուտ։
Ան եղած էր դաստիարակ, առաջնորդող եւ այն մարդը, որ միշտ կը քաջալերէր մեզ ձգտելու աւելի բարձր իտէալներու եւ նպատակներու։ Ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել՝ «Drink deep or drink not»՝ կա՛մ խորապէս ըմպէ, կա՛մ բնաւ մի՛ ըմպեր։
Ուսուցիչ եւ գրող ըլլալով՝ ան կը սիրէր իր գիւղը՝ Այնճարը, անոր այգիները եւ անոր հետ կապուած ամէն ինչ։ Ան խորապէս կը սիրէր Լիբանանը, եւ հակառակ պատերազմի ու անորոշութեան երկար տասնամեակներուն՝ երբեք չմտածեց լքել երկիրը։
Ժամանակ առ ժամանակ կը հեռաձայնէի Ամմոյին՝ զրուցելու համար։ Մեր խօսակցութիւնները յաճախ կը թեքէին տեղական եւ շրջանային քաղաքականութեան կողմը։ Ան ունէր իր յատուկ դիտանկիւնը, եւ մենք քաղաքականութեան մասին հեռաձայնով խօսելու մեր առանձնայատուկ լեզուն ունէինք։ Կ՚ըսէր՝ «Եկէք քիչ մը դժուարացնենք հեռաձայնը գաղտնալսողներուն գործը»։
Ցտեսութիւն՝ առայժմ, իմ սիրելի Մեսրոպ Ամմօ։ Դուն պիտի յիշուիս որպէս բարի եւ ազնիւ մարդ։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ։
Ստորեւ հանգուցեալ Մովսէս Քէնտիրճեանի մահազդը՝
ՄԱՀԱԶԴ՝
Տիկին Ռիթա Քէնտիրճեան եւ զաւակները Ռաքէլ եւ Անտրէ
Տէր եւ Տիկին Սեւակ եւ Միրէյ Քէնտիրճեան եւ դուստրը՝ Առլի-Արին
Տէր եւ Տիկին հայկ եւ Անի Քէնտիրճեան
Տէր եւ Տիկին Արա եւ Շուշիկ Քէնտիրճեան եւ զաւակունք՝ Արմէն եւ Անդրանիկ
Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Արաքս Թօփուզեան եւ զաւակունք՝ Տօքթ. Նարէ-Կասիա եւ Արա-Անդրանիկ
Տէր եւ Տիկին Հայդուկ եւ հերա Չափարեան եւ զաւակունք՝ Սարօ եւ Սարել
Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ լարա Չափարեան եւ դստերք
Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի եւ Սիլվա Քէնֆիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Լորի Քէնտիրճեան եւ դուստրը
Տէր եւ Տիկին Քրիստ եւ լորի Արզումանեան եւ զաւակը
Տէր եւ Տիկին Տօքթ. Կարօ Շանթ եւ Թամար Թօփուզեան եւ զաւակունք
Եւ համայն Քէնտիրճեան, Օհաննէսեան, Սթանպուլեան, Չափարեան, Քէրքէզեան, Քէշիշեան, Ալիքեան, Արզումանեան, Ֆէսլեան, Երէցեան Ընտանիքներ կը Գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, եւ հարազատին
Մեսրոպ Քէնտիրճեանի (Ծնեալ 1954)
մահը որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 22 Յունիս 2026-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի,24 Յունիս 2026-ին,ժամը 12:00-ին Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք «Գ. Կիւլպէնկեան» սյահէն ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00։
Իսկ յառաջիկայ օրերուն հանգուցեալին բնակարանը։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ