Պելառուսիոյ ԱԳՆ-ն Ուաշինկթընին տեղեկացուցած է ամերիկեան պատժամիջոցներու դէմ պատասխան միջոցներ սահմանելու մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Իզվեսթիա»-ն, այս մասին ըսած է երկրի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան խօսնակ Անատոլի Կլազը:
«Որպէս ինքնիշխան երկիր՝ մենք չենք կրնար անուշադրութեան մատնել տուեալ ոչ բարեկամական արարքը: Այդ պատճառով այսօր ԱԳՆ հրաւիրուած է ԱՄՆ հարցերով ժամանակաւոր հաւատարմատարը, որուն յայտնած են պատասխան միջոցներու մասին»,- ըսուած է Պելառուսիոյ ԱԳՆ կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է նաեւ, որ Մինսքը որպէս պատասխան միջոց, կրճատած է ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութեան անձնակազմը: Բացի այդ, սահմանափակուած է ամերիկացի մասնագէտներու աշխատանքը եւ ետ կանչուած է Պելառուսիոյ մէջ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան աշխատանքի մասին որոշումը:
Յիշեցնենք, որ 29 Մայիսին ԱՄՆ-ն յայտարարած էր օդային հաղորդակցութեան մասին Պելառուսիոյ հետ միջկառավարական համաձայնագրի գործողութիւններու դադարեցման մասին, ինչպէս նաեւ այսօր աւելի վաղ յայտարարած է 9 պելառուսական կազմակերպութեան դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին:
Ամերիկեան պատժամիջոցները պայմանաւորուած են 23 Մայիսին Ryanair օդանաւային ընկերութեան օդանաւի հետ կապուած միջադէպով, երբ այն հարկադիր վայրէջք կատարած էր Մինսքի մէջ, որմէ ետք օդակայանին մէջ ձերբակալուած էր ուղեւորներու մէջ գտնուող ընդդիմադիր լրագրող Ռոման Փրոթասեւիչը: