image

Իրանցիները պիտի չվճարեն

Իրանցիները պիտի չվճարեն

Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան համար իրանցիները պէտք չէ վճարեն, ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի ռազմական խորհրդական Մոհսէն Ռեզային։

«Մենք կ՚ուզենք պահպանել Հորմուզի նեղուցի անվտանգութիւնը։ Մենք կ՚ուզենք նաեւ պաշտպանել Հորմուզի նեղուցի բնապահպանական համակարգը։

Մենք պէտք է ստեղծենք ապահովագրական դրութիւն մը՝ հնարաւոր միջադէպերու վնասները ծածկելու համար, որ դժուարութեան հանդիպող նաւերը ապահովագրական ծածկոյթ ունենան՝ իրենց վտանգները նուազեցնելու համար։

Եւ քանի որ այս բոլորը մենք կ՚ապահովենք, այդ ծախսերը չեն կրնար վճարուիլ Իրանի ժողովուրդին կողմէ։ Այս վճարները պէտք է գանձուին այն կողմերէն, որոնք նեղուցով նաւթ կը փոխադրեն»,– ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի ռազմական խորհրդական եւ Իսլամական յեղափոխական պահակագունդի նախկին հրամանատար Մոհսէն Ռեզային։