image

Ընտրական օրէնսգրքի եւ հանրաքուէի օրէնքներու փոփոխութեան համար արտահերթ նիստ պիտի գումարուի

Ընտրական օրէնսգրքի եւ  հանրաքուէի օրէնքներու փոփոխութեան համար արտահերթ նիստ պիտի գումարուի

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 100-րդ եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 44-րդ յօդուածներու համաձայն՝ Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ 2026 թուականի յուլիս 2-ին՝ ժամը 11:00-ին, գումարել Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջան՝ նախաձեռնողի սահմանած օրակարգով:

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԺ պաշտօնական էջէն։

Օրակարգին մէջ, ի թիւս այլ հարցերու, ընդգրկուած են «Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու եւ «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին հարցերը: