Իրանը կը փորձէ մեզ ուժով դուրս մղել Հարաւային Լիբանանէն։ Իրականութեան մէջ Իսրայէլը, Լիբանանը եւ Միացեալ Նահանգները անոնց կ՚ըսեն՝ այդ ձեր գործը չէ, յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։
«Իսրայէլի քաղաքացինե՛ր, կ՚ուզեմ յայտարարել Իսրայէլ պետութեան համար մեծ ձեռքբերման մասին։ Ինչպէս գիտէք, Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ կը վարենք Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու միջեւ։ Ասոնք երկարատեւ բանակցութիւններ էին, եւ այսօր ատոնք իրենց պտուղները տուին։
Ամենակարեւորն այն է, որ, նախ եւ առաջ, Իսրայէլ կը մնայ Հարաւային Լիբանանի անվտանգութեան գօտիին մէջ։ Ասիկա մեծ ձեռքբերում է, եւ մենք զայն պիտի պահպանենք մինչեւ «Հըզպալլա»-ն զինաթափուի եւ քանի դեռ Իսրայէլ պետութեան դէմ սպառնալիք կայ։
Ասիկա նաեւ մեծ հարուած է Իրանին։ Իրանը կը փորձէ մեզ ստիպել լքել Հարաւային Լիբանանը։ Բայց իրականութեան մէջ Իսրայէլը, Լիբանանը եւ Միացեալ Նահանգները անոնց կ՛ըսեն. «Ասիկա ձեր գործը չէ։ Դուք Լիբանանի մէջ ընելիք չունիք։ Ո՛չ դուք, ո՛չ «Հըզպալլա»-ն, ո՛չ ալ որեւէ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւն»։
Երկրորդ կէտը, անշուշտ, այն է, որ մենք թոյլ տանք լիբանանեան բանակին կազմաւորելու համապատասխան կառոյց մը, որ տարածքը իր վերահսկողութեան տակ առնէ։ Մենք կը ստեղծենք երկու փորձնական գօտի։ Երկուքն ալ առաջարկուած են Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի կողմէ։ Անոնցմէ մէկը կը գտնուի անվտանգութեան գօտիէն դուրս՝ Լիթանի գետէն հարաւ, իսկ երկրորդը՝ Լիթանիի հիւսիսը, որուն փոքր մէկ մասը կը գտնուի ընդարձակուած անվտանգութեան գօտիին մէջ, զոր վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ստեղծած ենք մեզի համար։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յստակ կերպով կը նշէ, որ այդ տարածքին այլեւս կարիքը չունի։
Մենք միշտ կը պահենք սկզբնական անվտանգութեան գօտին՝ հակազրահային հրթիռներու հասանելիութենէն դուրս։ Մենք թոյլ չենք տար, որ «Հըզպալլա»-ն կամ քաղաքացիական բնակչութիւնը մուտք գործեն այնտեղ։ Ան կը մնայ պաշտպանութեան տակ։ Իսկ ամենակարեւորը՝ Իսրայէլ կը յայտարարէ, որ մեր անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է»,– ըսած է Իսրայէլի վարչապետը։