«Ռոսաթոմ»-ը սկսած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող «Աքքույու» աթոմային ելեկտրակայանի առաջին պլոքի գործարկման աշխատանքները։ Այս մասին յայտարարած է «Ռոսաթոմ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչովը։
«Ռոսաթոմ»-ը Մերսինի նահանգին մէջ կը կառուցէ Թուրքիոյ առաջին աթոմային ելեկտրակայանը՝ «Աքքույու»-ն։ Կայանը պիտի բաղկանայ չորս ուժանիւթային պլոքներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ 1200 մեկաուաթ հզօրութիւն։ Առաջին կայանը նախատեսուած էր շահագործման յանձնել 2026 թուականին։
Նախագիծին իրականացումը բախած է շարք մը խնդիրներու, մասնաւորապէս՝ գերմանական Siemens ընկերութեան կողմէ աթոմակայանի համար անհրաժեշտ սարքաւորումները չմատակարարելու պատճառով։