ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Սէյետ Համիտ Փուրմոհամմատիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Վարչապետը ողջունած է Իրանի փոխնախագահի այցը Հայաստան: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ այն պիտի նպաստէ ողջ տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հետեւողական զարգացման:
Սէյետ Համիտ Փուրմոհամմատին վարչապետ Փաշինեանին փոխանցած է ԻԻՀ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի ջերմ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած դժուարին իրավիճակի մէջ Իրանի նկատմամբ Հայաստանի Կառավարութեան ցուցաբերած դիրքորոշման եւ մարդասիրական աջակցութեան համար։
Յաջորդիւ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Իրան սահմանային ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած ծրագրերու իրականացման ընթացքը: Մասնաւորապէս, երկրորդ կամուրջի եւ նոր կայանատունի (թերմինալ) կառուցման, մաքսային ոլորտի մէջ համագործակցութեան հետեւողական զարգացման ու մաքսային ընթացակարգերուն վերաբերող հարցեր։ Երկուստեք կարեւորուած է ուժանիւթակիրներու ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան զարգացումը։
Անդրադարձ կատարուած է ճանապարհաշինական համատեղ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան, հանքարդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման միտուած քայլերուն։
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման գործընթացներու եւ նոր հնարաւորութիւններու շուրջ։
Հանդիպման աւարտին վարչապետ Փաշինեան իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին։