Հայ դպրոցը միայն ուսման վայր չէ. ան հայ ինքնութեան, լեզուի եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման սրբազան օճախ է։ Այդ օճախը կանգուն կը մնայ նուիրեալ մարդոց լուռ, անշահախնդիր եւ հետեւողական ծառայութեամբ։ Էօժէնի Պարսումեանի նման անձեր իրենց կեանքով կը վկայեն, որ հայ դպրոցին ծառայելը սերունդներուն ապագային ծառայել է։
Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մօտիկ անցեալի նուիրեալ հոգաբարձուներէն Էօժէնի Պարսումեան՝ խոր կսկիծ պատճառելով իր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ «Կիլիկեան» վարժարանի մեծ ընտանիքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկեան» վարժարանի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը՝
20 Մայիս 2026-ին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է անցեալի նուիրեալ հոգաբարձուներէն Էօժէնի Պարսումեան՝ խոր կսկիծ պատճառելով իր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ «Կիլիկեան» վարժարանի մեծ ընտանիքին։
Էօժէնի Պարսումեան ազնիւ նկարագրի, նուիրումի եւ ծառայասիրութեան տիպար մըն էր։ Ան երկար տարիներ իր գործունէութեամբ սատար հանդիսացած էր հաստատութեան բարգաւաճման ու գոյատեւման՝ իր ետին ձգելով ազգասիրութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան լուսաւոր հետք։
Մեր սրտակից ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին հարազատներուն եւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն։ Խունկ եւ մոմ՝ անոր անթառամ յիշատակին։