image

«Քորոնա»ի մոլեգնումէն ետք.Լիբանան դէպի համատարած փակում

«Քորոնա»ի մոլեգնումէն ետք.Լիբանան դէպի համատարած փակում

Յառաջիկայ ուրբաթ օրուընէ սկսեալ Լիբանանի մէջ համատարած փակում պիտի հաստատուի։

  Այս մասին տեղեկութիւնը տուաւ VDL կայանը նշելով, որ հրաժարեալ կառավարութեան կողմէ հաստատուած լուրի իրականացումը նպատակ ունի կանխել «Քովիտ»ի տարածումը։

 Նշենք, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ն մասնաւորապէս վերջին օրերուն կրկին անգամ գլուխ բարձրացուցած էր եւ օրական կտրուածքով աւելի քան 4000 վարակակիրներ սկսած են գրանցուիլ։

 

 Երկրի առողջապահութեան նախարար (հրաժարեալ) Համատ Հասան խօսելով իրավիճակին մասին ըսած է, որ Լիբանանցիք առնուազն պէտք է օրով առկախեն իրենց բոլոր տեսակի աշխատանքները եւ տունը մնան։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ երկրի տարբեր մշակութային-ընկերային վայրերը, ճաշարանները, գործատեղիներն ու հաստատութիւնները փակ պիտի պահեն իրենց դռները ի բացառեալ Պէյրութի օդակայանէն, որ բնականոն հունով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը։

 

 Լիբանանի մէջ   «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը անցած է 10   հազարը։

 

Լիբանանի մէջ «Քովիտ»ի այս նոր ալիքը կը մոլեգնի այն պահուն, երբ մայրաքաղաք Պէյրութը մեծ դժուարութիւններով կը փորձէ դուրս գալ ամբողջ երկիրը ցնցած աղէտալի պայթումի շփոթահար իրավիճակէն։